
Երկրին Ծառայելը Յանցա՞նք է, Ատոր Համար Արցախի Նախագահները պաքուի Բանտն են․ Մամիջանեանը՝ ԵԽԽՎ Նիստին
«Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Մամիջանեանի ելոյթը ԵԽԽՎ հերթական նստաշրջանի լիագումար նիստին.
«Մեծարգոյ նախագահ, սիրելի գործընկերներ,
Ո՞րն է «յանցագործութիւն» բառին սահմանումը։ Ասիկա այն հարցն է, որ ես կ՝ուզեմ բարձրացնել այստեղ՝ մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան այս խորանին վրայ։
Արդեօ՞ք յանցագործութիւն է ճշմարտութեան բացայայտումը, որ իշխանութիւնը կը թաքցնէ իր քաղաքացիներէն։ Ատոր համար ՀՀԿ փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանը 7 ամիսէն աւելի է կը գտնուի նախադատական կալանքի տակ։
Արդեօ՞ք յանցագործութիւն է Facebook-ի live-երու եւ հրապարակումներու միջոցով քաղաքական հայացքներու արտայայտումը։ Սակայն այդ պատճառով Նարեկ Մալեանը աւելի քան 4 ամիս է բանտն է։
Արդեօ՞ք յանցագործութիւն է յաղթելը ՏԻՄ ընտրութիւններուն։ Եկու եւ տես, որ Վանաձոր քաղաքի ընտրուած քաղաքապետ Մամիկոն Ասլանեանը ատոր համար աւելի քան 2 տարի է բանտն է։
Կանուանէի՞ք արդեօք յանցագործութիւն Երեւանի կեդրոնը բողոքի խաղաղ ցոյցերու իրականացումը, որոնցմով կառավարութեան պահանջ կը ներկայացուէր քայլ ձեռնարկելու՝ փրկելու ազրպէյճանական զինուժին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շրջափակման մէջ մնացած իրենց ծնողները։ Սակայն այդ գործողութեան համար իսկ այս պահուն 11 ուսանողի գործ կը քննուի դատարանի մէջ։ Անոնցմէ 4-ը ամիսներ անցուցած են բանտի մէջ եւ դեռ կը շարունակեն ձերբակալուած մնալ։
2023թ. Նոյեմբեր ամսուան դրութեամբ Հայաստանի մէջ կար աւելի քան 50 քաղբանտարկեալ։ Եւ ասոնք պարզապէս ընդդիմադիր պատգամաւորի խօսքեր չեն. Եւրոպայի ժողովրդական Կուսակցութեան եւ Կեդրոնամէտ Դեմոկրատներու Միութեան կողմէ ընդունուած են բանաձեւեր՝ ըստ որոնց Արմէն Աշոտեանը եւ մեր միւս ընկերները հռչակուած են քաղաքական բանտարկեալներ:
Արդեօ՞ք յանցագործութիւն է կռուիլ այն պատերազմին մէջ, որ մեր դէմ սանձազերծած էր ազրպէյճանը։ Բայց ատոր համար 2020թ.-էն մինչ օրս հայ ռազմագերիները իբրեւ պատանդ կը պահուին պաքուի մէջ։
Իսկ հաւանաբար յանցագործութի՞ւն է քու իսկ հայրենիքիդ մէջ խաղաղ ապրիլը։ Քանի որ քաղաքացիական Վագիֆ Խաչատրեանը ատոր համար ազրպէյճանի դատարանին կողմէ դատապարտուած է երկար տարիներու ազատազրկման։
Թէ՞ յարձակողներէն սեփական ժողովուրդիդ պաշտպանութեան կազմակերպումը յանցագործութիւն է։ Լեւոն Մնացականեանն ու Դաւիթ Մանուկեանը այժմ պաքուի բանտն են այդ պատճառով։
Իսկ հաւանաբար հայրենակիցներուդ յոյս տալը կամ պարզապէս բարերար ըլլա՞լն է յանցագործութիւն։ Այդ է պատճառը, որ ալիեւի վարչաձեւը պատասխանատուութեան կ՝ենթարկէ Ռուբէն Վարդանեանը՝ կալանաւորելով զայն։
Երբունէ՞ սեփական երկրին պատուով ու պարտքով ծառայելը դարձած է յանցագործութիւն, որ Դաւիթ Բաբայեանն ու Դաւիթ Իշխանեանը պէտք է պաքուի մէջ կալանքի տակ պահուին։
Թէ՞ երկիր մը կառավարելը, որ տարբեր միջազգային կազմակերպութիւններու զեկոյցներով ժողովրդավարութեան մակարդակով անհամեմատելի է ազրպէյճանի հետ: Ատոր համար նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը եւ Արայիկ Յարութիւնեանը պաքուի բանտն են։ Կը պարզուի, որ ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած նախագահ ըլլալը ալիեւին համար յանցագործութիւն է։
ԵԽԽՎ-ի եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններու կողմէն ընդունուած զեկոյցներուն եւ բանաձեւերուն մէջ այս փաստերուն յիշատակումը յոյսի փոքր լոյս կու տայ այս մարդոց, մինչդեռ անոնք վանդակաւոր արեգակ կը տեսնեն տեւական ժամանակ։ Ասիկա այն նուազագոյնն է, որ մենք պարտաւոր ենք ընելու անոնց համար։ Առնուազն:
Շնորհակալութիւն։»