ազրպէյճանի իշխանութիւնները Երկարաձգած են ԼՂՀ Գերի Ինկած Բոլոր Նախկին Ղեկավարներուն Կալանքը

Աշխարհ, Հայաստան

ազրպէյճանի իշխանութիւնները երկարաձգած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան գերի ինկած նախկին ղեկավարներուն՝ նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, նախկին արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի, ԱԺ նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի, զօրավարներ Լեւոն Մնացականեանի եւ Դաւիթ Մանուկեանի կալանքը։

Դատարանը բաւարարած է միջնորդութիւնները եւ իւրաքանչիւր «մեղադրեալ»-ի կալանքը երկարաձգած եւս 4 ամիսով։ Այս մասին, ըստ «Երկիր»-ի, կը յայտնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Նախապէս հաղորդուած էր, որ ԼՂՀ նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանի կալանքը երկարացուած է 4 ամիսով։