Գանատան Կրնայ Ջնջել թուրքիոյ Նկատմամբ Կիրարկուող Զէնքի Վաճառքի Արգելքը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբին մօտ գոյութիւն ունի հիմնաւոր մտահոգութիւն մը, որ Գանատան կրնայ ջնջել թուրքիոյ նկատմամբ սահմանուած` զինուորական արտադրութեան վաճառքի արգելքը: Այս քայլը կրնայ ձեռնարկուիլ Շուէտի` ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու գործարքի ծիրին մէջ:

թուրքիոյ նկատմամբ կիրարկուող զէնքի արգելքի վերացումը յատկապէս վտանգաւոր է քանատական-թրքական զինուորական առեւտուրի վերջին գայթակղալից բացայայտումներէն ետք, երբ 2019 թուականին Օթթաուան արտօնած էր անօդաչուներու մէջ կիրարկուող «Էլ3Հարիս/ՈՒԵՍՔԱՄ» ճարտարագիտութիւններու վաճառքը Անգարային, ինչ որ կը հանդիսանար «Պայրաքթար» անօդաչու թռչող սարքերու մրցունակութիւնը ապահովող առանցքային մանրամասնութիւններէն մէկը: Յետագայ հետաքննութիւնը ապացուցած էր այդ ճարտարագիտութիւններու փոխանցումը ազրպէյճանին, ինչ որ արգիլուած էր: Բացայայտուած Էին թրքական այլ զեղծարարութիւններ եւս: Մասնաւորաբար, գանատական ճարտարագիտութիւնը, համապատասխան թրքական դիմումի, ենթակայ էր կիրարկման ոչ թէ յարձակողական, այլ հետախուզական անօդաչուներու համար:

Պետական այս հետաքննութենէն ետք, քանատական կողմը, Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբի աշխատանքներուն շնորհիւ, թուրքիոյ նկատմամբ կիրարկեց զինուորական արտադրանքի վաճառքի արգելք:

ՀՅԴ Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբին դիրքորոշումով` Գանատան պէտք չէ մեղսակից ըլլայ թուրք-ազրպէյճանական զինուորական յանցագործութիւններուն` նպաստելով անոնց զինուորական զինանոցներու ընդլայնման: Խարդախ մտադրութիւններ ունեցող պետութիւններուն զէնքի վաճառքը կը խախտէ Գանատայի զէնքի արտածման կանոնները` զգալի վտանգ ներկայացնելով շրջանային կայունութեան: Շրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ Գանատայի յայտարարած առաջնահերթութիւններուն համահունչ` Օթթաուան պէտք է ջնջէ զէնքի վաճառքի արգելքը:

Հաշուի առնելով թրքական նախկին զեղծարարութիւններն ու զէնքի ձեռքբերման կանոններու խախտումները, ինչպէս նաեւ թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան նկատմամբ սպառնալիքները` Հայ Դատի յանձնախումբը Գանատայի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ ցուցաբերելու առաւելագոյն զգուշութիւն եւ առաջնահերթութիւն տալու շրջանային կայունութեան, խաղաղութեան եւ մարդու իրաւունքներուն:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

23 Յունուար 2024