Կը Մերժենք Ընդունիլ, Որ Արցախը ազրպէյճանի Մաս է, Հանրահաւաքներ Պիտի Կազմակերպենք

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան Alpha News-ի ուղիղ եթերով նշած է, որ կապի մէջ են եւրոպական 15 երկիրներու ներկայացուցիչներու հետ, որպէսզի աշխատին նոնյն ուղղութեամբ, նոյն հաղորդագրութեամբ։

«Մենք կրցանք կազմակերպել համաեւրոպական շարժում։ Եւրոպական 15 երկիրներու մէջ կրցանք կազմակերպել եւ կողք-կողքի բերել համայնքային կազմակերպութիւնները, որպէսզի բոլորը նոյն ուղղութեամբ, նոյն բանաձեւերով, նոյն հաղորդագրութիւններով աշխատին»,- ըսած է Փափազեան։

Ան յիշեցուցած է, որ դեռ 2023 թ-ի Հոկտեմբեր 1-ին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած է բազմահազարանոց ցոյց, իսկ եւրոպական ԶԼՄ-ները արձագանգած են իրենց պահանջներուն․ «Ասիկա մեծ յաջողութիւն է»,- ընդգծած է ան։

Այսպիսով, ըստ անոր, Յունուար 27-ին եւ 28-ին եւս ցոյցեր կը նախատեսուին տարբեր երկիրներու մէջ։։

«Ամբողջ Եւրոպայի մէջ տեղի պիտի ունենան հանրահաւաքներ, ցոյցեր։ Երբ մենք կը դիմենք Եւրոպայի բարձրագոյն ղեկավարութեան, միշտ կ՝ընդունին մեզ եւ կը լսեն։ Կարեւոր է իրենց համար լսել ուղիղ ձայնը։ Երբ նիկոլ փաշինեանը ինքը ընդունած է, որ Արցախը մաս է ազրպէյճանի, Եւրոմիութեան ղեկավարութիւնը պէտք է գիտնայ, որ Սփիւռքը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ժողովուրդին մեծ մասը համաձայն չէ նիկոլ փաշինեանի դիրքորոշման հետ եւ կը մերժէ ընդունիլ, որ Արցախը մաս կը կազմէ ազրպէյճանի։

Արցախը հազարամեակներ շարունակ եղած է հայկական հող, անիկա պատկանած է հայերուն, եւ այսօր ընդունիլ, որ մաս կը կազմէ ազրպէյճանի, լուրջ պատասխանատւութիւն է, եւ այդ որոշումը պիտի դատապարտուի պատմութեան առջեւ»,- եզրափակած է Մուրատ Փափազեան:

Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով