Լիայոյս Ենք՝ Ֆրանսական Օրէնսդիրին Կողմէ Ընդունուած Բանաձեւը Ուղենշային Պիտի Ըլլայ Երկրի Գործադիր Իշխանութեան Համար

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ծերակոյտը Յունուար 17-ին, գրեթէ միաձայնութեամբ, ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան աջակցող, ազրպէյճանի հանդէպ պատժամիջոցներ եւ հայ բնակչութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձի իրաւունքի երաշխիքներ պահանջող բանաձեւ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ չափազանց կարեւոր է Ֆրանսայի օրէնսդիր մարմնի բարձր պալատին կողմէ այնպիսի քաղաքական դիրքորոշումը, որ կ՝ենթադրէ աջակցութիւն Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնորոշման, Արցախի մէջ ազրպէյճանական վերջին յարձակման դատապարտում, հայ բնակչութեան վերադարձի իրաւունքի երաշխաւորման անհրաժեշտութիւն, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներու վերադարձ, Հայաստանի կողմէ իր անվտանգութիւնը, ներառեալ ռազմական ճանապարհով, պաշտպանելու կարողութիւններու զարգացում, պաքուի մէջ պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ազատութիւն, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւն։ Կարեւոր նշանակութիւն ունի նաեւ ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան հանդէպ պատժամիջոցներու կիրառման պահանջը։

Ընդունուած բանաձեւը համահեղինակած են ֆրանսական ծերակոյտի քաղաքական բոլոր խմբակցութիւններուն ղեկավարները, որ հայութեան հանդէպ ֆրանսական ներքաղաքական  համախոհութեան կարեւոր ցուցիչ է։

Այս բանաձեւին ընդունումը մաս կը կազմէ վերջին շրջանին Եւրոպայի եւ յատկապէս Ֆրանսայի մէջ հայկական շահերու պաշտպանութեան ծաւալուն միջոցառումներուն, որոնց կարեւոր մէկ մասը ներկայիս առաջ կը մղուի «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» հարթակին միջոցով, որուն կազմակերպմամբ՝ Յունուար 27-ին եւ 28-ին, եւրոպական 15 երկիրներու աւելի քան 55 քաղաքներու մէջ նախատեսուած են տարաբնոյթ ձեռնարներ։ Ֆրանսայի մէջ միջոցառումներ պիտի իրականացուին 13 քաղաքներուն մէջ։

Լիայոյս ենք՝ ֆրանսական օրէնսդիրին կողմէ ընդունուած այս բանաձեւը ամբողջապէս ուղենշային պիտի ըլլայ Ֆրանսայի գործադիր իշխանութեան համար եւ պիտի վերաճի ամբողջական պետական քաղաքականութեան։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ

18012024թ