
Հայաստանը Պիտի Ներառուի Լուվրի Բիւզանդական Արուեստին Եւ Արեւելեան Քրիստոնէութեան Նուիրուած Բաժանմունքին Մէջ
Լուվր թանգարանը պիտի հիմնէ բիւզանդական արուեստին եւ արեւելեան քրիստոնէութեան նուիրուած բաժանմունք մը, որ պիտի ներառէ նաեւ Հայաստանը: Այս մասին X-ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինիյի:
«Տարեկան 9,6 միլիոն այցելու ունեցող Լուվրը առաջինն է աշխարհի մէջ: Լուվրի մէջ կը նախապատրաստուին հիմնելու բիւզանդական արուեստին եւ արեւելեան քրիստոնէութեան նուիրուած բաժանմունք մը, որ պիտի ներառէ նաեւ Հայաստանը: Իսկ Հայաստանի մէջ Լուվրը կ՛աջակցի Էրեբունի թանգարանի վերանախագծման»,- գրած է դեսպան Տըքոթինիյի: