
Ֆրանսայի Ծերակոյտը Պիտի Քննարկէ ազրպէյճանը Դատապարտող Բանաձեւը
17 Յունուարին Ֆրանսայի Ծերակոյտը պիտի քննարկէ 1 Դեկտեմբեր 2023-ին առաջարկուած միջկուսակցական բանաձեւը, որ ուղղուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ազրպէյճանի զինուորական յարձակման դատապարտումին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան ոտնահարման ու յարձակումի յետագայ փորձերուն կանխումին։
Բանաձեւով կոչ ուղղուած է պատժամիջոցներ կիրառել ազրպէյճանի դէմ եւ պահանջուած է երաշխաւորել հայ բնակչութեան Լեռնային Ղարաբաղ վերադառնալու իրաւունքը: