«Լեռնային Ղարաբաղ՝ Վտանգուած Հայկական Ժառանգութիւն» Ցուցահանդէսը Ֆրանսայի Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

«Լեռնային Ղարաբաղ՝ վտանգուած հայկական ժառանգութիւն» խորագիրով բացօթեայ ցուցահանդէսին առանցքը կը կազմէ Լեռնային Ղարաբաղի հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը ներկայացնող 30 բացառիկ լուսանկար։

Ցուցահանդէսը բացուած է Դեկտեմբեր 14-ին Փարիզի նշանաւոր Պասդիլի հրապարակին վրայ եւ պիտի գործէ մինչեւ Յունուար 15։ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանատան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ ցուցահանդէսը կազմակերպած են Փարիզի քաղաքապետարանն ու «L’Œuvre d’Orient» կաթոլիկ կազմակերպութիւնը:

p1.jpg (184 KB)

Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացման ընթացքին՝ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան շնորհակալութիւն յայտնած է Փարիզի քաղաքապետարանին եւ «L’Œuvre d’Orient» կաթոլիկ կազմակերպութեան՝ մշտապէս Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կողքին ըլլալու համար եւ նշած, որ ցուցահանդէսի կազմակերպումը այդ համերաշխութեան հերթական դրսեւորումն է։

p3.jpg (632 KB)

Հայաստանի դեսպանը շեշտած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին հանդէպ ցեղական զտում իրականացնելէ ետք՝ այժմ ազրպէյճանը քայլեր կը ձեռնարկէ վերացնելու այնտեղ հայկական բազմահազարամեայ ներկայութեան հետքերը, որոնց խօսուն ապացոյցներն են ցուցադրուող լուսանկարներուն մէջ պատկերուած եկեղեցիները, կոթողներն ու յուշարձանները։ Այս ծիրէն ներս ան առանձնայատուկ կարեւորութեամբ նշած է Լեռնային Ղարաբաղի հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան հանրահռչակման եւ պահպանման ուղղութեամբ միջազգային ջանքերուն գործադրումը։

Ցուցահանդէսի բացման ներկայ եղած են եւ խօսքով հանդէս եկած նաեւ Փարիզի փոխքաղաքապետներ Առնօ Նկաչան եւ Գարին Ռոլանը, «L’Œuvre d’Orient» կաթոլիկ կազմակերպութեան նախագահ Ժան-Իւ Դոլոն, նոյն կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն, գերաշնորհ Փասգալ Կոլնիշը, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը։

p4.jpg (389 KB)
p5.jpg (361 KB)
p8.jpg (477 KB)
p9.jpg (370 KB)
p2.jpg (302 KB)