
Ատելիա Պետրոսեանը՝ 2023թ․ Ռուսիոյ Մարզուհի, Արսէն Զախարեանը՝ Տարուայ Լաւագոյն Երիտասարդ Մարզիկ
Ռուսիոյ գեղասահքի ախոյեան Ատելիա Պետրոսեանը ՌԻԱ Նովըստիի ընթերցողներուն վարկածով ճանչցուած է 2023 թ․ մարզուհի: Քուէարկութիւնը աւարտած է Յունուար 10-ին։ Այս մասին կը հաղորդէ Armradio.am-ը՝ վկայակոչելով ՌԻԱ Նովըստին։
Անցեալ տարուան Դեկտեմբերին Ռուսիոյ առաջնութեան յաղթող ճանչցուած 16-ամեայ Պետրոսեանը «Տարուան մարզուհի» անուանակարգով հաւաքած է 6792 ձայն, երկրորդ տեղը մարմնամարզութեան ողիմպիական ախոյեան Վիքթորիա Լիսդունովան է (5929), երրորդը` գեղարուեստական մարմնամարզութեան Եւրոպայի ախոյեան Լալա Գրամարենգոն (2561):
ՌԻԱ Նովըստիի ընթերցողներուն վարկածով Արսէն Զախարեանը ճանչցուած է տարուան լաւագոյն երիտասարդ մարզիկ Ռուսիոյ մէջ։
«Տարուան լաւագոյն երիտասարդ մարզիկ» անուանակարգով ամենաշատ ձայները ստացած է Ռուսիոյ հաւաքականի եւ սպանական «Ռէալ Սոսիէտատ»-ի ֆութպոլիստ Արսէն Զախարեանը (2486), երկրորդ տեղը յայտնուած է կրկնակի ախոյեանը, Ռուսիոյ գեղարուեստական մարմնամարզիկ Դանիէլ Մարինովը (2213), երրորդ տեղը՝ Սոչիի հոքէյիստ Մադւէյ Միչգովան (852):