
Դառնանք Քրիստոսի` Իբրեւ Անհատ Եւ Իբրեւ Ազգ, Եւ Հաւատքի Զօրութեամբ Ըսենք` «Եկո՛ւր, Տէ՛ր Յիսուս»․ Արամ Ա․ Կաթողիկոս
Շաբաթ, 6 Յունուար 2024-ին հայ եկեղեցին նշեց Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան, աստուածայայտնութեան եւ մկրտութեան տօները: Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ Ս. Ծննդեան պատարագը մատոյց Արամ Ա. սրբազնագոյն հայրապետը:
Վեհափառ հայրապետին կողքին առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ Շահան արք. Սարգիսեան: Ս. պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը` խմբավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի: Հաւատացեալներու հոծ բազմութեան շարքին ներկայ էին նաեւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ զանազան միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Ս. պատարագի ընթացքին Շահան արք. միւռոնաթափ աղաւնին, Ս. Երրորդութեան խորանէն «Լոյս ի լուսոյ» հոգեթով շարականին երգեցողութեամբ, բերաւ ս. խորան, եւ ձեռամբ վեհափառին կատարուեցաւ Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութիւնը: Ապա կաթողիկոսը ներկայ թէ առցանց ս. պատարագին մասնակից մեր ժողովուրդի զաւակներուն յղեց Ս. Ծննդեան հայրապետական պատգամը:
Հայրապետը իր պատգամին բնաբան ընտրած էր Յայտնութեան գիրքին հաստատումը, թէ` «Ահաւասիկ ամէն ինչ նոր կը դարձնեմ» (Յյտ 21.5): Այս բառերուն մէջ կարելի է խտացնել Բեթղեհէմի մէջ տեղի ունեցած աստուածայայտնութեան դէպքը` Յիսուս Մանուկի ծնունդով, ըսաւ նորին սրբութիւնը: Արդարեւ, պատմութեան մէկ վճռական փուլին, Աստուած աշխարհ կու գար իրենց Ստեղծիչէն հեռացած տիեզերքն ու մարդը վերստեղծելու` մարդուն մէջ վերականգնելով Աստուծոյ պատկերը եւ տիեզերքը վերստին օժտելով երկնային բարիքներով: Հետեւաբար Աստուծոյ ծնունդը Բեթղեհէմի մէջ վերածնունդն էր նոր տիեզերքին ու նոր մարդուն, ինչպէս Յայտնութեան գիրքի հեղինակ Յովհաննէս առաքեալը կը բնորոշէ` «նոր երկնքի ու երկրի» ծնունդը, շեշտեց վեհափառ հայրապետը եւ անդրադառնալով մարդու ստեղծագործութեան` ըսաւ, որ Աստուած մարդը ստեղծած է, որպէսզի ան իր ստեղծագործութեան հոգատարն ու պաշտպանը դառնայ: Այս առաքելութիւնը կատարելու համար Աստուած մարդը օժտած էր ազատութեամբ ու իշխանութեամբ: Սակայն մարդը իրեն տրուած ազատութիւնը շահագործած էր ու հեռացած` Աստուծմէ: Աստուած իր միածին Որդւոյն ճամբով Բեթղեհէմ կ՛իջնէր` իրմէ հեռացած մարդը մօտեցնելու իրեն:
Ապա Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց, որ Քրիստոս անցեալ չէ, այլ` միշտ ներկայ ու նաե՛ւ ապագայ: Քրիստոս ծնաւ, քարոզեց ու հրաշագործեց, խաչուեցաւ ու յարութիւն առաւ եւ խոստացաւ դարձեալ գալ: Քրիստոսի ծնունդով մենք նաեւ կը նշենք վերածնունդը նոր մարդուն ու նոր աշխարհին` միշտ մեր հաւատքի աչքերը ուղղած դէպի Քրիստոսի երկրորդ գալուստը: Առաքեալը իր Յայտնութեան գիրքը կը փակէ հետեւեալ աղաչանքով. «եկուր, Տէր Յիսուսե:
Առանց Յիսուսի ներկայութեան` մեր կեանքը պիտի կորսնցնէ իր իմաստն ու ինքնութիւնը, իր խորքը եւ ուղղութիւնը: Հետեւաբար դառնանք Քրիստոսի` որպէս անհատ ու որպէս ազգ, եւ հաւատքի զօրութեամբ ըսենք` «Եկո՛ւր, Տէ՛ր Յիսուս»:
Խօսելով մեր ազգին ու հայրենիքին դիմագրաւած տագնապներուն մասին` Արամ Ա. կաթողիկոս յիշեցուց, որ իր Նոր տարուան պատգամին մէջ կարեւորութեամբ շեշտած էր, որ մեր ազգը հրամայական կարիքն ունի ահաւոր վտանգներով լեցուն ներկայ կացութենէն դուրս բերող համահայկական նոր ռազմավարութեան ու համահայկական օրակարգի` մասնակցութեամբ Հայաստանի ու սփիւռքի բոլոր ուժերուն անխտիր:
Վեհափառ հայրը նաեւ անդրադարձաւ Լիբանանի ներքին կացութեան` շեշտելով հանրապետութեան նախագահի շուտափոյթ ընտրութեան կարեւորութիւնը, եւ ապա, նոր կառավարութեան կազմութեամբ, ընկերային-տնտեսական տագնապը դիմագրաւելու հրամայականը: Ան նաեւ ցաւով անդրադարձաւ Կազայի դէմ Իսրայէլի շղթայազերծած պատերազմին, որ խոտոր կը համեմատի միջազգային օրէնքին: Վեհափառ հայրապետը խստօրէն դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ շարունակուող ռմբակոծումները, որոնք պատճառ կը դառնան անհամար զոհերու եւ ահաւոր քանդումներու: Ան շեշտեց, որ միջազգային համայնքը պէտք է զօրակցի պաղեստինցի ժողովուրդին ազգային իրաւունքներուն` պաղեստինեան անկախ պետութեան հաստատումով:
Ս. պատարագէն ետք Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց ժողովուրդին ու պաշտօնական անձնաւորութիւններուն Նոր տարուան եւ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան շնորհաւորութիւնները: