
ԵՌԱԳՈՅՆ-ը Կամաւոր Աշխատանքի Հոգեկան Գոհունակութեամբ Կ’աւետէ…
Յարգելի՛ հետեւորդներ,
Հաւանաբար քիչերուն է յայտնի, որ 2012-ին ստեղծուած ԵՌԱԳՈՅՆ առաջին արեւմտահայերէն կայքը կը գործէ կամաւոր սկզբունքով՝ որեւէ եկամուտ չունի, սակայն մեծ է կայքէն օգտուողներուն թիւը։ Այս 14 տարիներուն ընթացքին, կայքը դարձաւ ամուր կամուրջ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ, եղաւ հայաստանեան լուրերու արեւմտահայերէն պատրաստի աղբիւր սփիւռքեան լրատուամիջոցներուն եւ սփիւռքահայ ընթերցողներուն, ինչպէս նաեւ սփիւռքեան իրադարձութիւնները լուսաբանող հաւաստի աղբիւր՝ Հայաստանեան լրատուամիջոցներուն։
Մենք չբաւարարուեցանք միայն լուրեր տեղադրելու գործով՝ յաճախ ձեռնամուխ եղանք մարդասիրական եւ ազգանպաստ գործերու իրականացման. ԵՌԱԳՈՅՆ-ին վստահող ընկերներու, հետեւորդներու եւ կազմակերպութիւններու նուիրաբերած գումարները ամենաարագ միջոցով ու ազնւութեամբ, ճիշդ թիրախին հասցնելու եւ կարիքաւորին օգտակար դառնալու առաքելութիւնը նոյնպէս կամաւորաբար վերցուցինք մեր ուսերուն, ինչը հոգեկան մեծ բաւարարութիւն պարգեւեց մեզի։
Այս տարի թիրախը արցախահայութիւնն էր. աշխարհի տարբեր ծայրերէ նուիրաբերուած ու մեզի վստահուած գումարներով իրականացուցինք բազում կարեւոր ու օգտաշատ ծրագրեր.
-«Ոչ մէկ արցախցի առանց վերմակի»՝ 1700+100 վերմակ Հայաստանի տարբեր շրջաններ։
-«Արարող արցախցի»՝ 36 արցախցի մեր ապահոված գործիքներով ու աջակցութեամբ ունեցաւ աշխատանք կամ զարգացուց իր աշխատանքը։
-444 երեխայի պարգեւեցինք ժպիտ եւ ամանորեայ նուէրներ։
-Երեք ընտանիք ունեցաւ մէկ տարուան հովանաւոր։
-Քանի մը տասնեակ ընտանիքի ցուցաբերուեցաւ նիւթական աջակցութիւն։
Այս բոլորը իրականացուցինք շնորհիւ մեր բազում նուիրատուներուն, որոնք մեր միջոցով աջակցութեան ձեռք մեկնեցին մեր հայրենակիցներուն։ Ուստի շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլորին՝ ամենափոքր գումար նուիրողէն մինչեւ հազարաւոր տոլարներ նուիրողներուն եւ կը վստահեցնենք, որ իրենց գումարները տեղ հասած են ամենայն բարեխղճութեամբ… Շնորհակալ ենք, որ վստահեցաք մեզի եւ հոգեկան բաւարարութիւն զգալու ապրումները մեզի պարգեւելու առիթ հանդիսացաք։
Քրիստոնէական հաւատքով առ լեցուն ու կամաւոր աշխատանքի հոգեկան գոհունակութիւնը զգալու բերկրանքով կ’աւետենք ողջ հայութեան՝
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ