
Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ամանորի Եւ Սուրբ Ծննդեան Ուղերձը
Այսօր, ազգովին կը տագնապինք հազարամեայ մեր պատմութեան ներկայ անկայուն վիճակով, որ արդիւնքն է մեր Հայրենիքի վերջին վերիվայրումներուն, որոնց հետեւանքով, մեր բոլորին ներշնչման աղբիւր՝ Արցախը, դժբախտաբար հասաւ ներկայ իր ցաւոտ իրավիճակին։
Հայ Օգնութեան Միութեան 73-րդ Համահայկական Պատգամաւորական ժողովը եկաւ վերանորոգելու միութեանս առաքելութեան նկատմամբ մեր նուիրեալ անդամներուն ուխտն ու նուիրումը։ ՀՕՄ-ը ինչպէս միշտ, իր կարողութիւններն ու աշխատանքը աննկուն կամքով ու հաւատքով ի գործ պիտի դնէ մեր ժողովուրդի բարօրութեան եւ հայրենիքի բարգաւաճման։
Տօնական նուիրաբեր այս օրերու լաւատեսութեամբ ու վերանորոգ յոյսերով, ՀՕՄ-ի, իր միաւորներով, կը շնորհաւորէ իր բոլոր համակիրներուն, նուիրատուներուն, բարերարներուն ու համայն Հայութեան Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը, մաղթելով առողջ եւ արեւշատ տարի մը։
Տէրը Հայոց աշխարհին թող տայ խաղաղութիւն, Հայ ժողովուրդին սէր միութիւն եւ ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին նորանոր յաջողութիւններ, որպէսզի կարենայ լիակատար սատարել մեր ժողովուրդին։
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ