
Ֆրանսան Եւս 15 Միլիոն Եւրօ Օգնութիւն Պիտի Հատկացնէ Հայաստանին եւ Արցախէն Տեղահանուածներուն
Ֆրանսան եւս 15 միլիոն եւրօ հրատապ մարդասիրական օգնութիւն պիտի հատկացնէ Հայաստանին եւ Արցախէն տեղահանուածներուն։
«Ֆրանսան կը շարունակէ աջակցիլ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին՝ համաձայն Նոյեմբեր 30-ին խորհրդարանին կողմէ Հայաստանին եւ Լեռնային Ղարաբաղէն փախստականներուն 15 միլիոն եւրոյի հրատապ օգնութեան հաստատման:
Հայաստանին ցուցաբերուած է անհետաձգելի բժշկական աջակցութիւն, իսկ քանի մը հոգի ծանր այրուածքներով տեղափոխուած են ֆրանսական հիւանդանոցներ: Այս աջակցութիւնը կ՝ուղեկցուի նաեւ Ֆրանսայի քաղաքացիական հասարակութեան եւ տարածքային մարմիններուն ջանքերով՝ ի շահ հայ բնակչութեան։
2023թ․ Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանին յատկացուող օգնութեան ծաւալը կը կազմէ 27,5 միլիոն եւրօ»,- ըսուած է Ֆրանսայի ԱԳՆ հաղորդագրութեան մէջ։