Իսրայէլին Կոչ Կ՛ուղղենք` Եւրուսաղէմի Հին Քաղաքին Մէջ Գտնուող «Հայկական Պարտէզներու» Խնդիրին Արդար Լուծում Ապահովելու․ Զախարովա
Ռուսիան չափազանց մտահոգուած է այն տեղեկութեան նկատմամբ, որ Երուսաղէմի մէջ յաճախակի դարձած են քրիստոնեայ համայնքի ներկայացուցիչներուն նկատմամբ սադրանքները: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«Մասնաւորաբար ուշադրութիւն դարձուցած ենք հակամարտային կացութեան, որ ստեղծուած է Երուսաղէմի Հին քաղաքին մէջ գտնուող «Հայկական պարտէզներու» («Կովերու Պարտէզ», «Ա.») շուրջ: Անիկա դատական գործի առարկայ դարձած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի եւ իսրայէլեան կազմակերպութիւններէն մէկուն միջեւ:
«Չսպասելով դատարանի վճիռին` կազմակերպութեան ներկայացուցիչները սկսած են վիճելի տարածքին մէջ պանդոկային համալիրի կառուցման նախապատրաստական աշխատանքներուն, ինչ որ բախումներու յանգեցուցած է տեղւոյն հայերու եւ հրեայ արմատականներու միջեւ: Իսրայէլի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք քայլեր ձեռնարկելու` օրէնքի ծիրին մէջ ապահովելու այս զգայուն հարցին արդար լուծումը:
«Կը կարծենք` երկրի բոլոր կրօնական համայնքներու ներկայացուցիչներու իրաւունքները պէտք է հաւասարապէս պաշտպանուած ըլլան: Դէմ ենք որեւէ ապօրինի գործողութեան` ուղղուած Երուսաղէմի Հին քաղաքին մէջ պատմականօրէն ստեղծուած ազգային-կրօնական հաւասարակշռութեան փոփոխման, ներառեալ ոտնձգութիւններուն դարեր շարունակ այնտեղ բնակող քրիստոնեաներու, անոնց սրբավայրերու եւ սեփականութեան նկատմամբ»,- ըսած է Զախարովա: