Արցախցի 30 Երեխայ Կիպրոս Պիտի Մեկնի՝ Երկրի Կառավարութեան Հրաւէրով

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Կիպրոսի Հանրապետութեան կառավարութիւնը դրական արձագանգած է Կիպրոսի խորհրդարանէն ներս հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահդեսեանի առաջարկին՝ ընդունելու Արցախէն բռնի տեղահանուած 30 երեխայ (12-17 տ) եւ անոնց ուղեկցող 3 պատասխանատու՝ Կիպրոսի Հանրապետութեան մէջ Դեկտեմբերին 12 օր ժամանց կազմակերպելու նպատակով։ Այս մասին կը յայտնէ Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը։

Աղբիւրին համաձայն՝ այցը պիտի իրականանայ ՀՀ աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարարութեան եւ Կիպրոսի մէջ ՀՀ դեսպանութեան (նստավայրը՝ Աթէնք) համակարգումով։