
Թիֆլիսի Մէջ Իրականացած է Հայ-վրացական Մշակութային Փառատօն
Թիֆլիսի մէջ կայացած է Վերդոյեաններ մշակութային կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած հայ-վրացական մշակութային փառատօն, որուն ծիրէն ներս հանդիսատեսին ներկայացուած են հայկական եւ վրացական ազգային պարեր: Այս մասին կը հաղորդէ jnews.ge-ը։
Փառատօնին մասնակցած են Թիֆլիսի մէջ գործող վրացական եւ հայկական պարախումբեր, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն ժամանած խումբեր:
Ակակի Խորավային անուան թատրոնի դահլիճը լեփ լեցուն էր հանդիսատեսով, մուտքը ազատ էր, ցանկացողները կրնային ներկայ գտնուիլ եւ վայելել պարային ելոյթները:



