
ԱՄՆ Ծերակոյտը ազրպէյճանին Ռազմական Օգնութեան Տրամադրումը Արգիլող Բանաձեւ Ընդունած է
ԱՄՆ Ծերակոյտը ընդունած է բանաձեւ, որմով կ՝արգիլուի ԱՄՆ-ին ռազմական օգնութիւն տրամադրել ազրպէյճանին։ Օրինագիծը նախագահին կ՝արգիլէ յառաջիկայ երկու տարին հրաժարելու Ազատութեան աջակցութեան ակտի 907-րդ յօդուածէն, որ ԱՄՆ կառավարութեան արգիլած է ազրպէյճանի կառավարութեան ուղիղ օժանդակութիւն ցուցաբերել։
Ամերիկացի ծերակուտական Կարի Փիթըրսը օրինագիծը ներկայացուցած էր 2023 թուականի Սեպտեմբեր 29-ին՝ ի պատասխան Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն դէմ ազրպէյճանի յարձակումներուն։
«ազրպէյճանի կառավարութիւնը հասկցուցած է, որ կրնայ եւ պիտի օգտագործէ իր ռազմական միջոցները Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ բռնի յարձակումներ իրականացնելու համար»,- ըսած էր ծերակուտական Փիթըրսը:
«Միացեալ Նահանգները չի կրնար մեղսակից ըլլալ հայ ժողովուրդի նկատմամբ ազրպէյճանական բռնութիւններուն. մենք պէտք է ընդունինք այս օրէնսդրութիւնը՝ արգելափակելու ամերիկեան լրացուցիչ օգնութիւնը ազրպէյճանին, քանի դեռ վերջինս չի դադրեցներ իր յարձակումը տարածաշրջանին մէջ»,- նշած էր ծերակուտականը։