ազրպէյճանի Բանտերուն Մէջ Գտնուող Հայերը Ցեղասպանութեան Զոհեր Են․Օգամպօ

Աշխարհ, Հայաստան

ալիեւը որեւէ բան ընելէ առաջ նախ կը փորձէ հասկնալ, թէ ինչ պիտի ըլլայ արձագանգը: Alpha News-ի հետ զրոյցի ընթացքին նման կարծիք յայտնած է Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օգամպոն:

«ալիեւը նախ կը փորձէ հասկնալ, թէ ինչպիսին պիտի ըլլայ արձագանգը։ Տեսէք, թէ ինչ եղաւ Բերձորի միջանցքին վրայ։ Սկիզբը ան կ՝ուղարկէ, ինչպէս ինք կ՝անուանէ, բնապահպան-ցուցարարներ, որ ազրպէյճանի կառավարութեան անդամներ չեն, յետոյ անվտանգութեան ուժեր կը տեղակայէ այնտեղ, մասնակի շրջափակելով Բերձորի միջանցքը, այնուհետեւ կ՝իրականացնէ շրջափակումը։ Ան տեսաւ, որ ոչինչ պատահեցաւ։ Այո, որոշ երկիրներու ղեկավարներ զանգեցին իրեն, բայց ոչինչ պատահեցաւ։ Ան յիմար չէ, կը ստուգէ անոնց արձագանգը»,- ըսած է Օգամպոն։

Անոր կարծիքով՝ ԱՄՆ-ն, Իսրայէլը, ԵՄ-ն են մեղաւոր այն ամէն ինչի համար, որ տեղի ունեցաւ Արցախի մէջ, քանի որ ազրպէյճանին թոյլ տուին ընել ատիկա:

«Սխալը միւս երկիրներունն է՝ ինչպէս ԱՄՆ, Իսրայէլ, ԵՄ, որ թոյլ կու տան անոր ընել ատիկա։ Այդ պատճառով ինծի համար կարեւոր է հասկնալ՝ ինչ պատահած է, երբ ցեղական զտումը կ՝անուանենք ցեղասպանութիւն։ Անիկա իր ծաւալներով նման չէ հոլոքոսթին կամ Հայոց Ցեղասպանութեան, բայց ամէն պարագայի, ցեղասպանութիւն է, ինչպէս Համասի յարձակումը Իսրայէլի վրայ։

Իրաւական տեսանկիւնէ ատիկա ցեղասպանութիւն է, եւ պետութիւնը ունի իրաւական պարտաւորութիւն՝ կանխելու ցեղասանութիւնը։ Այդ պատճառով շատ կարեւոր է, որ Իսրայէլը դադրեցնէ զէնքի տրամադրումը ազրպէյճանին, որ ԱՄՆ-ը դադրեցնէ ֆինանսական օգնութիւնը ազրպէյճանին։ Անոնք այն ազդակներն են, որ ալիեւը կը հասկնայ: Ի հարկէ, ի վերջոյ մարդիկ իրենք կ՝որոշեն՝ ինչ պիտի ընեն։ Մենք պիտի աւելի լաւ աշխատինք, աւելի լաւ տեղեկացնենք անոնց»,- ընդգծած է Օգամպոն։

Նախկին դատախազին կարծիքով՝ հիմա պէտք է ամէն ինչ ընել, որ ազրպէյճանը ազատ արձակէ պաքուի մէջ պատանդ պահուող բոլոր անձերը։

«Հիմա առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ ոչ թէ ալիեւին ստիպելը, որ ան կանգ առնէ, չյարձակի, այլ վերադարձնէ Ղարաբաղը այս մարդոց, եւ ազատ արձակէ պաքուի մէջ պատանդ պահուող բոլոր անձերը։ ալիեւը 55 մարդ կը պահէ բանտի մէջ, որոնց 16-ը գերեվարուած է Սեպտեմբերի յարձակումէն ետք։ Անոնց մէկ մասը քաղաքական գործիչներ են, ուրիշներ՝ սովորական մարդիկ, մէկ մասն ալ զինուորականներ։ Անոնցմէ ոչ մէկը ազատ կ՝արձակուի առանց միջազգային կառոյցներու եւ այլ երկիրներու ուժեղ ճնշման, քանի որ ազրպէյճանի մէջ անկախ դատական համակարգ չկայ։ Ոչ մէկ դատաւոր ազրպէյճանի մէջ ալիեւին հակառակ կ՝երթայ։

Պետական բաժանմունքը 2022-ի իր զեկոյցին մէջ կը նշէ, որ ազրպէյճանի մէջ անկախ դատական համակարգ չկայ։ Ուստի այսօր ազրպէյճանի բանտերուն մէջ գտնուող այս մարդիկ ցեղասպանութեան զոհեր են։ Անոնք բանտերու մէջ են առանց պատճառ, անոնք ազրպէյճանական բանտերուն մէջ են, որպէսզի ազդակ ուղարկուի հայերուն, որ եթէ դուք վերադառնաք Լեռնային Ղարաբաղ՝ պիտի ենթարկուիք կտտանքներու, պիտի ձերբակալուիք կամ սպանուիք։ Ահա թէ ինչու այս 55 պատանդները կը պահուին պաքուի բանտերուն մէջ»,- եզրափակած է Օգամպոն։