
Ճատրակի Աշխարհի Պատանիներու եւ Աղջիկներու Առաջնութեան ՀՀ-ն Կը Մասնակցի 10 Ներկայացուցիչով
Այսօր սկիզբ առաւ ճատրակի աշխարհի 14-18 տարեկան պատանիներու եւ աղջիկներու առաջնութիւնը։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնէն։ Առաջնութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ Նոյեմբեր 24՝ Իտալիոյ Մոնդեսիլվանօ քաղաքին մէջ:
«Հայաստանէն կը մասնակցի 10 շախմատիստ․
ՄՎ Էմին Օհանեան՝ Մ18 տղաներ
ՖՎ Արսէն Դաւթեան՝ Մ18 տղաներ
ՖՎ Ալեքս Սահակեան՝ Մ18 տղաներ
ՖՎ Ռոպերթ Փիլիպոսեան՝ Մ16 տղաներ
ՖՎ Էրիկ Գասպարեան՝ Մ16 տղաներ
ՖՎ Բենիկ Ագասարով՝ Մ14 տղաներ
Աստղիկ Յակոբեան՝ Մ18 աղջիկներ
Նուարդ Հայրապետեան՝ Մ16 աղջիկներ
Անի Աւետիսեան՝ Մ14 աղջիկներ
Անահիտ Մկրտչեան՝ Մ14 աղջիկներ