
Պիտի Կանխենք Արցախցիներուն Արտագաղթը, Եթէ Ոչ, եւս Մէկ Պարտութիւն Պիտի Ունենանք․ Արցախի Թեմի Առաջնորդ (Տեսանիւթ)
Մեր ինքնութիւնը անձնագիրով չէ, մեր ինքնութիւնը դրոշմուած է Հայկով, Նոյով, Լուսաւորիչով, սրբազան հերոսներով, որոնց հոգեւոր ձեռքը մենք միշտ պէտք է ամուր բռնենք եւ մեր սրտին մէջ զգանք այդ ջերմութիւնը։ Մենք տարբեր անձնագիրներ ունեցած ենք, անոնք պիտի փոխուին, մեր ինքնութիւնը՝ ո՛չ։ Հոգեւոր ներուժը, որ ժառանգած ենք, որեւէ պատերազմով չեն կրնար մեզմէ խլել։ Քաղաքականութիւն պիտի փոխուի, անձնագիր պիտի փոխուի, բայց մենք պէտք է ապրինք մեր հայրենիքին մէջ, մեր սեփական հողին վրայ եւ վճռականօրէն պէտք է կարենանք կատարել այն առաքելութիւնը, որ ուխտած ենք Աստուծոյ հետ: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, «Հարցեր կան» հաղորդման ընթացքին ըսած է Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանը։
«Անշուշտ, յատկապէս այս օրերուն Արցախի, Ստեփանակերտի մէջ կատարուողը՝ ներառեալ զօրահանդէսները, կրնան յուսահատութեան հասցնել մարդը, կասկածներ յարուցանել վերադարձի հնարաւորութեան հարցով, բայց պէտք է գիտակցիլ, որ անոնք երկրորդական հարցեր են, կարեւորը՝ մենք կրկին ճանչնանք մեզ, պատրաստակամ ըլլանք միաբանուելու։ Ազգը քանի՞ անգամ պէտք է ցեղասպանուի, որ մտածէ պաշտպանուելու մասին, քանի՞ պատերազմով պիտի անցնի, որ մտածէ ապաստարաններ կառուցելու մասին։ Մենք նախ մեր սխալները պիտի ընդունինք, ապա պարարտ միջավայր ստեղծենք՝ վերադարձի սերմերը սերմելու։ Մենք այսօրուընէ պիտի սկսինք մտածել այդ մասին, դեռ ուշացուցած ենք, վերջին մարդը, որ Հակարիով անցած է, պէտք է այդ պահէն մտածէր Արցախ վերադառնալու մասին։ Անցնիլ սովորական կեանքի, մտածել միայն սեփական բարօրութեան մասին, սխալ է»։
Վրթանես Եպիսկոպոս Աբրահամեանի գնահատմամբ՝ մայր Հայաստանի մէջ ամէն ինչ պիտի ընեն, որ արցախցիները հիմնաւոր, համախբմուած ապրին, չմտածեն արտագաղթելու մասին։ «ժողովուրդը զգայուն է, եթէ տեսնէ, որ իր մասին կը մտածեն, ջանքեր կը գործադրեն, հեռանալու մասին չի մտածեր, ճիշդ հակառակը՝ կը լծուի մայր հայրենիքին նուիրական առաքելութեամբ ծառայելու գործին։ Քաղաքականութիւն մշակողներուն, բոլորիս նպատակը պէտք է ըլլայ կանխել արցախցիներուն արտագաղթը, ատիկա կրկնակի պարտութիւն պիտի ըլլայ»։
Հարցազրոյցը ամբողջութեամբ՝ տեսանիւթով․