Գոնէ Հիմա Կը Հասկնա՞ք, որ ազրպէյճանի Իշխանութեան Ներքոյ Արցախի Ժողովուրդին Անվտանգութիւնը Ապահովելու Միջոց Չկայ. Գեղամ Ստեփանեան
Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան Twitter-ի իր էջին մէջ հրապարակած է լուսանկար՝ գրելով, որ ալիեւը իր ամէն քայլով կ՝ապացուցէ, որ մենք իրաւացի ենք՝ յայտարարելով, որ ազրպէյճանական իշխանութեան ներքոյ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը ապահովելու որեւէ միջոց չկայ։
«Մենք յայտարարեցինք, որ ազրպէյճանական իշխանութեան ներքոյ, հայատեացութեամբ սնուող ալիեւի ստեղծած հասարակութեան մէջ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը ապահովելու որեւէ միջոց չկայ։ ալիեւը իր ամէն քայլով կ՝ապացուցէ, որ մենք իրաւացի ենք։
Դոյւօ Գլաար, Էնթընի Պլինքըն, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն, դուք գոնէ հիմա կը հասկնա՞ք»,- գրած է ան՝ ներկայացնելով Ստեփանակերտի հրապարակին վրայ ազրպէյճանի կողմէ Ստեփան Շահումեանի տապալուած արձանին լուսանկարը։
