
Թեհրանի Հայոց Թեմին Կողմէ եւ Համայնքի Նիւթական Նուիրատուութիւններով՝ Արցախահայութեան Յատկացուած Օգնութիւններուն Երկրորդ Բեռնաքանակը Պատրաստ է
Թեհրանի հայոց թեմին կողմէ Արցախէն տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն օգնելու համար, Թեհրանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդին կողմէ կեանքի կոչուած յանձնախումբը շարունակելով իր աշխատանքները, ապահոված է օգնութիւններու երկրորդ բեռնաքանակը, որ արդիւնքն է մեր սիրելի հայրենակիցներուն դրամական նուիրատուութիւններուն:
Յանձնախումբի նախագահ Ալֆրէդ Քեշիշեանը «ԱԼԻՔ»-ին տեղեկացուցած է, որ օգնութիւններուն երկրորդ բեռնաքանակին մեծ մասը, որ կը պարունակէ մաքրութեան միջոցներ, արդէն պատրաստ է եւ օրերս կը փոխադրուի Հայաստան: Յատկանշական է, որ նախատեսուած է նաեւ Հայաստան տեղափոխել մեծ քանակութեամբ ջեռուցման միջոցներ (վառարաններ), որոնք եւս առաջին իսկ առիթով պիտի առաքուին:
«ԱԼԻՔ»