UNICEF-ը 2500 Սնունդի Փաթէթ Ուղարկած է Կոտայքի Մարզ Հաստատուած Փախստական Ընտանիքներուն

Աշխարհ, Հայաստան

Կոտայքի մարզ հաստատուած փախստական ընտանիքներուն համար UNICEF-ը ուղարկած է 2500 սնունդի փաթէթ։ Այս մասին ըսուած է UNICEF Հայաստանի Facebook-ի յայտարարութեան մէջ։

«Իւրաքանչիւր փաթէթ կը պարունակէ տասնչորս սննդատեսակ: Ընտանիքի իւրաքանչիւր երեխայի համար նախատեսուած է մէկ փաթէթ»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Նաեւ նշուած է, որ յառաջիկային Արմաւիրի, Տաւուշի եւ Լոռիի մարզեր պիտի ուղարկուի եւս 2000 սննդային փաթէթ։