
Քեսապի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Վերաշինութիւնը Ընթացք Առած Է (նկարներ)
Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Facebook-ի էջը կը տեղեկացնէ, որ եկեղեցւոյ վերաշինութեան աշխատանքները սկիզբ առած են։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի բարձր հովանաւորութեամբ եւ եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի հսկողութեամբ եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքները մեծ թափով կը շարունակուին:





