Փարիզը Կոչ Կ՝ընէ Անյապաղ Ազատ Արձակելու ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայ Բանտարկեալները

Աշխարհ, Հայաստան

Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օգամբոյի հետ քննարկած է արցախահայութեան հարցը։ Այս մասին քաղաքապետը տեղեկացուցած է X-ի իր էջով:

Իտալկոյի խօսքով՝ ազրպէյճանը մեղաւոր է Արցախի նախկին պաշտօնեաներու կամայական ձերբակալման եւ այդ տարածքին մէջ հայկական ժառանգութեան ոչնչացման համար։

Քաղաքապետը նշած է, որ Դեկտեմբեր 10-ին՝ Մարդու իրաւունքներու միջազգային օրուան առիթով, արցախահայութեան ներկայացուցիչներուն պիտի յանձուի Փարիզի պատուաւոր քաղաքացիութիւն: