
Անընդունելի է Արցախցիներուն Գործօնը Ներքաղաքական Խմորումներու Մէջ Օգտագործելը. Յայտարարութիւն
Արցախի պետականութեան պահպանման յանձնախումբը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ՝ Նոյեմբեր 1-ին տեղի ունեցած Արցախի պետականութեան պահպանման եւ յետագայ քայլերը ԱՀ Նախագահի եւ ԱՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւորներու հետ համատեղ քննարկելու նպատակով կազմակերպուած փակ հանդիպման վերաբերեալ։
Յայտարարութեան մէջ նախ կը նշուի, որ Սուրէն Պետրոսեանը «Արցախի պետականութեան պահպանման յանձնախումբ»-ին անունով Նոյեմբեր 1-ին փակ հանդիպում հրաւիրած էր Արցախի Հարապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի եւ ԱՀ Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն հետ։
«Հանդիպումը փակ էր եւ քննարկման բովանդակութիւնը չհանրայնացուեցաւ, այնուամենայնիւ անիկա լայն արձագանգ ստացաւ, ինչպէս հանրութեան, այնպէս ալ քաղաքական տարբեր դերակատարներու մօտ։
Տարատեսակ շահարկումներուն տեղ չտալով նշենք, որ յանձնախումբը այս պահուն կը շարունակէ աշխոյժ կերպով աշխատիլ եւ հանդիպումներ ունենալ մեկնելով աւելի վաղ սահմանած իր նպատակէն։
Այս գործընթացը չի կրնար ըլլալ ներքաղաքական որեւէ շահարկման առարկայ, աւելին մեր կողմէն անընդունելի է ցանկացած միտում, որ ուղղուած կ՝ըլլայ Արցախի մեր հայրենակիցներուն գործօնը ներքաղաքական տարաբնոյթ խմորումներու մէջ օգտագործելուն։
Այս պահուն ընթացող աշխատանքներուն եւ հանդիպումներուն արդիւնքները յառաջիկային կը ներկայացուին հանրութեան»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։