ազրպէյճանի Հայկական Յուշարձաններու Բնաջնջման Կամ Պատմութեան Խեղաթիւրման Քաղաքականութիւնը 30 Տարիէ ի Վեր Կը Շարունակուի․Րաֆֆի Քորթոշեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«ՀՈՐԻԶՈՆ»

Արցախը ազրպէյճանի բռնակցումէն ետք, ի՛նչ ճակատագրի կրնան ենթարկուիլ Արցախի պատմամշակութային կոթողներն ու Արցախի տարածքին հայկական հետքերու ազրպէյճանի կողմէ վերացման գործընթացը կասեցնելու իրաւական քայլերուն մասին «Հորիզոն»ի խմբագրակազմի անդամ Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան հարցազրոյց ունեցաւ Հայկական Ճարտարապետութիւնը Ուսումնասիրող հիմնադրամի փոխ տնօրէն Րաֆֆի Քորթոշեանի հետ, որուն ընթացքին ան յայտնեց. «ազրպէյճանի հայկական յուշարձաններու վերացման կամ խեղաթիւրման քաղաքականութիւնը 30 տարի է ի վեր կը շարունակուի: 1994 թուականէն ի վեր, այն տարածքներուն մէջ, որոնք մնացին ազրպէյճանի հսկողութեան տակ, հայկական յուշակոթողները ոչնչացուեցան, յատկապէս Նախիջեւանի խաչքարերու պարագային: Այսօր ազրպէյճանը նոր հնարաւորութիւն ունի. 44-օրեայ պատերազմէն ետք, ապա այժմ իր բռնագրաւած հողերուն վրայ պիտի շարունակէ հայկական յուշարձաններու ոչնչացումը: ազրպէյճանը նախ կը փորձէ հա՛յը արմատախիլ ընել, հեռացնել իր երկրէն, ապա վերացնել հայկական պատմամշակութային կոթողները»:

Այս գործընթացը կասեցնելու հարցով Քորթոշեան ըսաւ. «Առաջին հերթին, եթէ տուեալ պետութեան հետ դիւանագիտական կապեր կան, կարելի է այդ միջոցաւ պահպանել զանոնք, իսկ եթէ տուեալ երկիրը ունի հայատեաց կամ թշնամական վերաբերմունք՝ ապա պէտք է անյապաղ դիմել միջազգային ատեաններ»: Լաւագոյն ձեւը յուշարձաններու պահպանման, կը նշէ հիմնադրամի տնօրէնը, այն է, որ յուշարձանները գտնուին զայն ստեղծող ժողովուրդի ամէնօրեայ հսկողութեան տակ. «Ինչպէս էր պարագան անցնող 30 տարիներուն ընթացքին Արցախի մէջ, երբ այդ յուշարձանները ե՛ւ պահպանուած էին, ե՛ւ կիրառելի էին, ինչպէս եկեղեցիները, գերեզմանոցները, եւայլն», յայտնեց ան եւ աւելցուց, թէ այժմ ժողովուրդի վերադարձը եթէ անհնար է, հետեւաբար ժամանակ շահելու համար պէտք է անյապաղ դիմել միջազգային ատեաններ:

Անդրադառնալով վերոնշեալ հիմնադրամի գործունէութեան, որուն հիմնական նպատակը եղած է թէկուզ թուղթի վրայ փրկել հայկական պատմամշակութային կոթողները, ան յայտնեց. «Մեր գործունէութեան հիմնական մարտահրաւէրը այդ կոթողներուն առաջնոյ հասնիլն է, նախքան ոչնչանալը կամ վնասուիլը, ոչ միայն թշնամիին կողմէ, այլեւ, Սուրիոյ պարագային օրինակ, այնտեղ տեղի ունեցող պատերազմին հետեւանքով: Հետեւաբար մեր գործունէութիւնը հեւքոտ վազքի կը նմանի»:

Քորթոշեան նախքան Սուրիոյ պատերազմը անձնական նախաձեռնութեամբ ուսումնասիրած եւ հաւաքագրած էր Սուրիոյ հայկական կոթողներն ու յուշարձանները եւ Հալէպի ու Քեսապի այդ ժառանգութիւններուն մասին գիրքեր հրատարակած: Այսօր ըստ իր ունեցած տուեալներուն, «Անոնցմէ մաս մը վնասուած կամ մասամբ ոչնչացուած են, օրինակ Տէր Զօրի մատուռը, իսկ Եագուպիէի պարագային՝ եկեղեցին կանգուն է, բայց թէ որքանո՛վ վնասուած է, տակաւին փաստացի տեղեկութիւններ չունինք, որովհետեւ շրջանը կը գտնուի ահաբեկիչներու տիրապետութեան տակ: Քեսապի պարագային ճիշդ է, որ ժողովուրդը վերադարձաւ եւ վերանորոգեց այդ շրջանի եկեղեցիները, բայց գերեզմանոցներու պարագային չեմ կարծեր, որ նորոգութիւններու խնդիր կայ, որովհետեւ այդ գերեզմանաքարերու արձանագրութիւնները, որոնց ամբողջովին քանդուած են, կարելի չէ վերականգնել», յայտնեց Քորթոշեան:

Մանրամասնիւթիւնները՝ տեսանիւթով.