ԼՂ-էն Տեղահանուածները Կենսաթոշակ Պիտի Ստանան Բնակութեան Վայրի Հասցէով Հաշուառուած Ըլլալու Պարագային

Հայաստան

Անկախ ԼՂ-ի մէջ կենսաթոշակ կամ նպաստ ստացած ըլլալու հանգամանքէն՝ ԼՂ-էն բռնի տեղահանուած անձերը ՀՀ-ի մէջ կենսաթոշակի կամ նպաստի իրաւունք պիտի ունենան Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարարութիւնը։

Կը նշուի, որ անոնց կենսաթոշակի կամ նպաստի իրաւունքը ՀՀ-ի մէջ իրացնելու համար անհրաժեշտութիւն յառաջացած է կատարելու օրէնսդրակական փոփոխութիւններ, որոնցմով կը յստականան կենսաթոշակի կամ նպաստի իրաւունքի իրացման (օրինակ՝ կենսաթոշակ նշանակելու համար դիմելու, ստաժի հաշուարկման եւ այլն) ընթացակարգերը:

Անհրաժեշտ է փոփոխութիւններ կատարել նաեւ այն ծրագրային համակարգերուն մէջ, որոնք կ՝ապահովեն համապատասխան տեղեկատուական հիմքերու ձեւաւորումը։

«Կենսաթոշակ կամ նպաստ նշանակելու համար օրէնսդրութեամբ ամրագրուած պարտադիր պայման է ՀՀ բնակութեան վայրի հասցէով հաշուառուած ըլլալը: Ասիկա կը նշանակէ, որ ԼՂ-էն բռնի տեղահանուած անձերը մինչեւ կենսաթոշակ կամ նպաստ նշանակելու համար դիմելը պէտք է հաշուառուին այն վայրի հասցէով, ուր տուեալ պահուն կը բնակին։ Հակառակ պարագային անոնց դիմումները կը մերժուին»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Նախարարութենէն կը յայտնեն, որ յառաջիկային պիտի ստեղծուի հարթակ, որ ԼՂ-էն բռնի տեղահանուածներուն հնարաւորութիւն պիտի տայ առցանց դիմելու կենսաթոշակ (եթէ ԼՂ-ի մէջ ստացած են կենսաթոշակ), երեխայի ծննդեան միանուագ նպաստ, մայրութեան նպաստ, խնամքի նպաստ նշանակելու համար։

Եթէ անձը ԼՂ-ի մէջ չէ ստացած կենսաթոշակ, ուրեմն ՀՀ-ի մէջ կենսաթոշակ նշանակելու համար ան պէտք է անձամբ դիմէ Միասնական հասարակական ծառայութեան ցանկացած տարածքային բաժին։

Թէ ինչ ընթացակարգով պէտք է դիմել՝ պիտի ներկայացուի յառաջիկային: