
«Բովանդակութիւն» Ներկայացումով Բացուեցաւ Աշտարակի Դրամատիկական Թատրոնը
Բացուեցաւ Աշտարակի դրամատիկական թատրոնը, որուն գեղարուեստական ղեկավարը Գոռ Մարգարեանն է։ Այս մասին կը տեղեկանանք Աշտարակի Դրամատիկական Թատրոնի Facebook-ի էջէն։
Հանդիսատեսը հնարաւորութիւն ունեցաւ վայելելու «Բովանդակութիւն» ներկայացումը, որ բեմադրուած է Եղիշէ Չարենցի «Ամբոխները խելագարուած» պոեմի եւ բանաստեղծի այլ ստեղծագործութիւններու հիման վրայ։

