
Մէկ Ամիս Անց Որդին Հեռաձայնած է՝ Ողջ է, Ստեփանակերտի Մէջ. «Թող Բոլորը Իմ Ռաֆոյի Նման Վերադառնան»… (տեսանիւթ)
Ռաֆայէլի մայրը Mediahub.am-ին պատմած է, որ անոր հետ խօսած է Սեպտեմբեր 18-ին, յաջորդ օրը սկսած է պատերազմը, ու այդպէս կապը կորսուած է։ Եւ յետոյ, Հոկտեմբեր 22-ին, որդիէն հեռաձայն ստացած է, որ ողջ է եւ կը գտնուի Ստեփանակերտի մէջ։
«Երբ երկար համարով զանգ ստացանք մտածեցինք, որ դատաբժշկական փորձաքննութենէն կը հեռաձայնեն եւ հիմա պիտի ըսեն, որ ԴՆԹ (DNA) քննութիւնը հաստատուած է։ Ես պատրաստ չէի այդ լուրը լսելու։ Ատոր համար քանի մը անգամ չպատասխանեցի հեռաձայնին։ Յետոյ քրոջս աղջիկը լալով հեռաձայնեց ու ըսաւ, որ Ռաֆոն ողջ է։ Աստուած լսեց աղօթքներս, Ռաֆայէլը մեր միակ որդին է, եթէ զոհուէր ես ու ամուսինս չէինք ապրեր, ինքն է մեզ ապրեցնողը։ Աստուած խղճաց մեզի»,- MediaHub-ի հետ զրոյցի ընթացքին՝ արցունքները սրբելով՝ պատմած է տիկին Աննան։
«Աստուած պահած է»,- այս համոզումը ունի նաեւ Ռաֆայէլը, որ մէկ ամիս քնացած է անտառներուն մէջ, կերած է անտառային հատապտուղներ, մոշ ու մասուր, Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղէն ոտքով հատած է հարիւրաւոր քիլոմեթրեր, գիւղէ՝ գիւղ, տունէ՝ տուն ու հասած Գետաւան, չգիտնալով, որ պատերազմը վերջացած է, որ Արցախը տեղահանուած է։
«Երբ այլեւս չէին կրակեր, այդպէս գիտցայ, որ կռիւը վերջացաւ։ Դժուար չէր կռահել, որ ես շրջափակման մէջ եմ եւ ամէն ինչ կ՝ընէի փրկուելու համար։ Ամենաշատը կը մտածէի մամայի ու պապայի մասին, գիտէի, որ չեն դիմանար։ Շարժ չկար, ոչ մէկ գիւղի մէջ մարդ կար, անգամ չէի գիտեր, թէ ուր եմ, մէկ խօսքով ամէն ինչ շատ անհանգստացնող էր»,- պատմած է Ռաֆայէլը, որ թէեւ 20 տարեկան է, բայց ունի ուժեղ ու հասուն տղամարդու սիրտ։
Երբ Ռաֆայէլէ լուր չկար, ծնողները մտածած են ամենավատ, ԴՆԹ քննութիւն յանձնած են։ Այդքանով հանդերձ չեն յանձնուած, զգացած են՝ որդին ողջ է, նոյնիսկ երազի մէջ տեսած են քանի մը անգամ։
Մայրը կ՝ըսէ. «Տեսած եմ տղաս բարձունքի մը վրայ, միայնակ․․․»,- չի կրնար զսպել արցունքները։ Ռաֆոն կը շարունակէ, գրեթէ նոյն, բայց իրական տեսարանը, երբ հրետակոծութենէն ետք բացած է աչքերը, տեսած է ինքը սարի վրայ է, ու ոչ ոք կայ իր կողքը։
Շատ դաժան օրեր տեսած է Ռաֆայէլը, փրկուած է, սակայն, իր ճարպիկութեան շնորհիւ։ Գետաւանի հանգստեան գօտիներէն մէկուն շինութեան մէջ թուրք ոստիկանը նկատած է հայ զինուորը, չէ վնասած ու փոխանցած է Կարմիր խաչի առաքելութեան աշխատակիցներուն։ Անոնց օգնութեամբ ու ազրպէյճանցի զինուորականներու ուղեկցութեամբ Ռաֆայէլը տեղափոխուած է Ստեփանակերտ։ Նոյնիսկ տուն գացած է։ Այստեղ քիչ մը կանգ կ՝առնէ․ «Երբ քաղաքն ու տունը դատարկ տեսած եմ, հասկցած եմ՝ Արցախը այլեւս հայկական չէ»։
Հրաշքով փրկուած տղայի ողջ մնալու լուրը ցնցած է բոլոր հարազատները։ Ռաֆայէլի հայրը՝ Մխիթարը, փրկարար ծառայութեան աշխատակից է։ Փրկարարներու հետ որոնումներուն շատ մասնակցած է։ Իր որդիին փնտռած է նոյնիսկ զոհուածներուն մէջ, բարեբախտաբար՝ արդիւնք չէ տուած։
Հիմա Մխիթարը ունի մէկ ցանկութիւն, որ բոլոր անհետ կորածները ունենան իր Ռաֆոյի ճակատագիրը, բոլորը վերադառնան։