
«Անկլաւ» Կոչուածները, Որոնք Բացայայտ Ապօրինի Փորձ Կը Կատարուի Յանձնելու ազրպէյճանցիներուն, Ունին Ռազմական Առանցքային Նշանակութիւն․ Գէորգ Դանիէլեան
Արդարադատութեան նախկին նախարար, իրաւական գիտութիւններու դոկտոր Գէորգ Դանիէլեան Facebook-ի իր էջին մէջ կը գրէ․
«Անկլաւ» կոչուածները, որոնք բացայայտ ապօրինի փորձ կը կատարուի յանձնելու ազրպէյճանցիներուն, ունին ռազմական առանցքային նշանակութիւն, եւ այդպիսիք առնուազն այս փուլով պէտք են ո՛չ թէ մարդ բնակեցնելու, այլ ռազմական շահեկան հենակէտեր կահաւորելու համար (թէ՝ հիմա մարդ չ՝ապրիր, ինչի՞ պէտք են): Պետութեան տարածքն ալ կ՝որոշուի ո՛չ թէ զուտ գիտահանրամատչելի հանրագիտարաններով ու այլ դոկտրինալ կամ սիրողական աղբիւրներով, այլ օրինաչափական իրաւական փաստաթուղթերով, իսկ անոնց համաձայն՝ այդպիսիք կրնային որոշակի չափագրումներէ ետք յանձնուիլ միայն համարժէք տարածքի դիմաց, որ չէ եղած ժամանակին, ուստի այդ հարցը այլեւս չունի որեւէ իրաւական հիմք ….