Արցախցի Արման Աւանէսեանը Պիտի Մասնակցի Երեւանի Մէջ Կայանալիք Սամպոյի Աշխարհի Առաջնութեան

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Մարտական սամպոյի Եւրոպայի 2023 թուականի ախոյեան, արցախցի Արման Աւանէսեանը կը նախապատրաստուի Նոյեմբեր 10-12 Երեւանի մէջ կայանալիք աշխարհի առաջնութեան։

Արցախից բռնի տեղահանութենէն ետք Արմանը մէկ ամիսէն քիչ մը աւելի է, որ կը գտնուի Հայաստան։ Armsport.am-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, ան ըսած է՝ թէեւ սկզբնական շրջանին մարզավիճակի հետ կապուած խնդիրներ ունեցած է, բայց այս ընթացքին հասցուցած է հնարաւորինս լաւ նախապատրաստուիլ։

«Աշխատած եմ բացթողումներուս վրայ, ուսումնամարզական հաւաքն ալ բաւական արդիւնաւէտ կ՝անցնի։ Կը կարծեմ՝ բաւական լաւ պատրաստ ենք աշխարհի առաջնութեան։ Սպասելիքները մեծ են։ Մեզմէ կախուած ամէն ինչ առաւելագոյնս պիտի ընենք։ Յոյսով ենք՝ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ»,- ըսած է Արման Աւանէսեանը։

Թէ ինչ հոգեվիճակով տեղափոխուած է Հայաստան՝ Արմանը կը նախընտրէ լռել, թէեւ կը խոստովանի՝ իրավիճակը շատ ցաւալի ու ծանր է իրեն համար։ Եւրոպայի գործող ախոյեանին խօսքով՝ այն, որ մեր երկրին մէջ նմանօրինակ մեծ ծաւալի մրցման պիտի մասնակցի, շատ պատասխանատու է․ «Շատ լուրջ տրամադրուած ենք ու մեծ պատասխանատուութեամբ։ Այն, որ Երեւանի մէջ պիտի իրականացուի մրցաշարը, ունի իր դրական ու բացասական կողմերը։ Մեզմէ կախուած է, թէ որքան պիտի կարենանք այդ լարուածութիւնն ու պատասխանատուութիւնը ճիշդ օգտագործել։ Պէտք է փորձենք տան պատերը յօգուտ մեզ օգտագործել։ Մեր սիրահարներուն աջակցութիւնը, անկասկած, դրականօրէն պիտի ազդէ ու պիտի օգնէ մեզի այդ հարցով»,- ըսած է Արման Աւանէսեան։

Նախորդ տարի հայ մարզիկը Եւրոպայի ու աշխարհի առաջնութիւններուն յայտնուած էր 5-րդ հորիզոնականին, իսկ այս տարի արժանացած է Եւրոպայի ախոյեանի կոչման։ Արմանը յոյս յայտնած է՝ Եւորպայի վերջին առաջնութեան բաւական լուրջ մրցակիցներու արգելքները յաղթահարելէ եւ ախոյեանութիւնը նուաճելէ ետք՝ աշխարհի առաջնութեան եւս յաջող մասնակցութիւն պիտի ունենայ։