ԼՂ-էն Դէպի Հայաստան Հարկադիր Տեղափոխման Ժամանակ՝ 14 Մարդ Խոշտանգուած է, 64՝ Զոհուած

Հայաստան

Անի Բադալեանը հրապարակած է ՀՀ քննչական կոմիտէին ներկայացուցած տուեալները մասնաւորապէս ԼՂ-էն ՀՀ բռնի տեղահանուած երեխաներուն մասին։

14 մարդ խոշտանգուած է, 64՝ զոհուած Լեռնային Ղարաբաղէն դէպի Հայաստան հարկադիր տեղափոխման ժամանակ։ «X»–ի իր էջին վրայ այս մասին գրառում կատարած է ՀՀ արտաքին գործերու նախարարութեան մամուլի խօսնակ Անի Բադալեանը։

«ՀՀ քննչական կոմիտէն հրապարակած է տուեալներ Սեպտեմբեր 19-ին Լեռնային Ղարաբաղի վրայ ազրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ ռազմական յարձակման հետեւանքով զոհուածներու եւ վիրաւորներու, ներառեալ՝ խաղաղ բնակիչներու, մասնաւորապէս երեխաներու թիւին մասին»,- գրած է ան: