«Արցախը Սրտերում» Բարեգործական Համերգ-աճուրդ՝ Գրասնոտարի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Հոկտեմբեր 26-ին Գրասնոտարի մէջ տեղի ունեցած է «Արցախը սրտերում» բարեգործական համերգ-աճուրդը, որուն նպատակն էր միջոցներ հայթայթել ազրպէյճանի յարձակումներէն ետք հանրապետութենէն բռնի տեղահանուած Արցախի քաղաքացիներուն օգնութիւն ցուցաբերելու համար։ Այս մասին կը յայտնէ Գրասնոտարի երկրամասի Telegram-եան ալիքը։

Աղբիւրին համաձայն՝ աճուրդի հանուած է հայ նկարիչներու 6 նկար։ Հաւաքուած է 900 հազար ռուբլի՝ արցախցի հայրենակիցներուն օգնելու համար։

Երեկոյի համերգային ծրագրին ընթացքին ելոյթ ունեցած են ջութակահար Սամուէլ Հայրապետեանը, վոկալիստներ Գագիկ Եզակեանը, Սերգէյ Զէյնալեանը, Մարգարիտա Կիրակոսեանը, Քրիստինա Խալաթովան, Անժելիկա Բաղրամեանը, ինչպէս նաեւ «Արին-բերդ» եւ «Էթնոս-պար» պարախումբերը։