
Սրբազան Հայրերը ԵԱՀԿ Գլխաւոր Քարտուղարէն Պահանջած Են Պատժամիջոցներ Սահմանել ազրպէյճանի Հանդէպ
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւրոպական երկիրներու հայրապետական պատուիրակներ եւ առաջնորդներ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան, Գերաշնորհ Տ. Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեան, Գերաշնորհ Տ. Սերովբէ եպիսկոպոս Իսախանեան եւ Գերաշնորհ Տ. Տիրան եպիսկոպոս Պետրոսեան, ս.թ. Հոկտեմբեր 25-ին, Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ հանդիպում ունեցան ԵԱՀԿ գլխաւոր քարտուղար տիկին Հելկա Շմիտի հետ:
Հանդիպման ընթացքին Սրբազան Հայրերը տիկին Շմիտին փոխանցեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքները, ինչպէս նաեւ ներկայացուցին Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ իրականացուող աշխատանքները՝ ուղղուած տարածաշրջանային խաղաղութեան, Արցախէ բռնի տեղահանուած հայորդիներու կարիքներու հոգածութեան ու իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ պատմամշակութային ու կրօնական ժառանգութեան պահպանութեան:
Սրբազան Հայրերը ընդգծեցին, որ թէեւ Եւրոխորհրդարանը դատապարտած է ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ Արցախի մէջ հայերու դէմ իրականացուած սարսափելի յանցագործութիւնները, իսկ շարք մը երկիրներ ընդունած են ազրպէյճանի ցեղասպանական գործողութիւնները դատապարտող բանաձեւեր, սակայն ազրպէյճանը առ այսօր կ՝անտեսէ միջազգային հանրութեան կոչերն ու որոշումները:
Հանդիպման ընթացքին հոգեւոր առաջնորդները նշեցին, որ ժամանակն է, որպէսզի ի պատասխան ազրպէյճանական իշխանութիւններուն որդեգրած ցեղասպանական քաղաքականութեան եւ արցախահայերու հանդէպ իրականացուցած ցեղական զտումներու, միջազգային հանրութիւնը պատժամիջոցներ կիրառէ ազրպէյճանի հանդէպ՝ կանխելու համար անոր ռազմատենչ քաղաքականութեան յետագայ դրսեւորումները:
ազրպէյճանի նման կեցուածքը առիթ պէտք է հանդիսանայ, որ Եւրոմիութիւնը վերագնահատէ վերջինիս հետ իր փոխյարաբերութիւնները, ձեռնարկէ ռազմական յանցագործութիւններու մանրակրկիտ հետաքննութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային երաշխիքներ ստեղծէ՝ ապահովելու տեղահանուած արցախահայերուն վերադարձը իրենց պատմական հայրենիք, ինչպէս նաեւ անոնց անվտանգ կեանքն ու կենսագործունէութիւնը:
Տիկին Շմիտ վստահեցուց, որ ԵԱՀԿ-ն ու անձնապէս ինքը պիտի ընեն ամէն հնարաւորը՝ նպաստելու տարածաշրջանին մէջ յարատեւ ու արդար խաղաղութեան հաստատման, որուն մէջ պէտք է նկատի առնուի նաեւ Արցախի ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքն ու անվտանգ կեանքը իրենց բնօրրան: Գլխաւոր քարտուղարը նաեւ հաւաստիացուց, որ ԵԱՀԿ-ը պիտի շարունակէ իր աջակցութիւնը բերել ի նպաստ տեղահանուածներու մարդասիրական եւ հոգեբանական կարիքներու հոգածութեան:
Հանդիպման աւարտին Սրբազան Հայրերը Հայ Եկեղեցւոյ Եւրոպայի բոլոր առաջնորդներուն անունով նամակ փոխանցեցին տիկին Շմիտին, ուր ամփոփուած էին այն հիմնական կէտերը, որոնք քննարկման նիւթ դարձան նաեւ հանդիպման ընթացքին։