
ԵԽ-ն Հրատապ Քննարկած է Արցախի Հարցը եւ Հռչակագիր Ընդունած
Եւրոպայի խորհուրդի Տեղական եւ տարածքային իշխանութիւններու քոնկրեսը հրատապ քննարկում իրականացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցով եւ ընդունած հռչակագիր։ Այս մասին նշուած է Եւրոպայի խորհուրդէն ներս Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան X ցոցանցի էջին մէջ։
«Քոնկրեսը խստօրէն դատապարտած է ազրպէյճանի ռազմական գործողութիւնները, ափսոսանք յայտնած մարդասիրական հետեւանքներուն համար, կոչ ըրած է ազատ արձակելու Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր ներկայացուցիչները եւ ողջունած է Հայաստանի ջանքերը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։