Լեմքինի Ցեղասպանութեան Կանխարգիլման Հիմնարկը Պիտի Քննարկէ պաքուի Կողմէ Արցախի Առեւանգուած Գործիչներուն Օգնելու Հարցը

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան ԱԺ պատգամաւոր Թագուհի Թովմասեան Facebook-ի իր էջով կը տեղեկացնէ, որ Լեմքինի անուան Ցեղասպանութեան կանխարգիլման ուսումնարանի գործադիր տնօրէն տիկին Էլիզա ֆոն Եոտէն-Ֆորկին, արձագանգելով ազրպէյճանի բռնապետական վարչակազմին կողմէ Արցախի մեր հայրենակիցներուն՝ ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն եւ քաղաքացիական անձերուն ապօրինի առեւանգումներուն մասին ահազանգող իր  նամակներուն, իր համերաշխութիւնը յայտնած է անոնց շուտափոյթ վերադարձին առնչութեամբ։

«Մենք անչափ մտահոգուած ենք եւ յանձնառու ենք ապահովելու, որ ներկայիս պատանդառութեան մէջ գտնուողները զերծ ըլլան վնասներէ եւ շուտափոյթ ազատ արձակուին 44-օրեայ պատերազմին գերեվարվածներուն հետ միասին: Ես պիտի հանդիպիմ մեր կամզին հետ՝ քննարկելու այն ուղիները, որոնցմով Լեմքինի հիմնարկը կրնայ օգնել:

Յոյսով եմ շատ շուտով Ձեզի համար աւելի շատ տեղեկութիւններ պիտի ունենամ»,- ըսած է հիմնարկի տնօրէնը։