
Ըմբշամարտի Մ23 ԱԱ․ Մանուէլ Խնձրցեանը՝ Արծաթէ Մետալակիր
Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական հաւաքականի անդամ, 57 քկ քաշային Մանուէլ Խնձրցեանը դարձաւ Մ23 ԱԱ-ի արծաթէ մետալակիր։
Խնձրցեանը հասած էր Մ23 տարեկաններու ԱԱ-ի եզրափակիչ՝ կիսաեզրափակիչին 13-3 հաշուով առաւելութեան հասնելով Մոնկոլիայի ներկայացուցիչին հանդէպ:
Այսօր՝ Հոկտեմբեր 25-ին, հայ ըմբիշը ախոյեանի կոչումը վիճարկած է ռուսաստանցի Նաչին Մոնկուշի հետ: Գօտեմարտը աւարտած է ռուսաստանցի ըմբիշին յաղթանակով՝ 11։0 հաշուով։
Խնձրցեանը Մ23 ԱԱ-ին պայքարը սկսած է 1/8 եզրափակիչէն, ուր 11:0 հաշուով առաւելութեան հասած է ԱՄՆ ներկայացուցիչ Գուբըր Ֆլինի հանդէպ, քառորդ եզրափակիչին հայ ըմբիշը 2:1 հաշուով ուժեղ գտնուած է գերմանացի ըմբիշէն: