Թիֆլիսահայերը Արցախէն Բռնի Տեղահանուած Ընտանիքներուն Օգնութիւն Բաժնած են

Հայաստան, Սփիւռք

Թիֆլիսահայերը օգնութիւն բաժնած են Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներուն։ Այս մասին կը յայտնէ Վրաստանի Հայ Համայնք կազմակերպութիւնը։

«Վիրահայոց թեմի, «Վրաստանի հայ համայնք» եւ «Միասին» հասարակական կազմակերպութիւններուն նախաձեռնութեամբ՝ «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ կազմակերպած մարդասիրական օգնութիւնը Հոկտեմբեր 19-ին Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գրշ. Տ. Կիրակոս եպս. Դաւթեանի գլխաւորութեամբ եւ Թիֆլիսի հայկական քանի մը կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ անդամներու մասնակցութեամբ, բաժնուեցաւ ՀՀ Լոռիի մարզի Փամբակ խոշորացուած համայնքի 10 գիւղերուն մէջ ժամանակաւոր ապաստարան գտած 42 ընտանիքի: Թիֆլիսահայերու կողմէ ընտանիքներուն փոխանցուեցաւ գումար եւ անչափահաս երեխաներուն՝ նուէրներ:

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան մարդասիրական օգնութեան տեղափոխման աջակցելու հարցով։

Օգնութիւնը շարունակական է:

Կոչ կ՝ընենք բոլորին՝ միանալու մեզի»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։