
Արցախի Հանրապետութիւնը Լուծարուած Չէ, Ոչ Մէկ Փաստաթուղթով Ժողովուրդի Ստեղծած Հանրապետութիւնը Կրնար Լուծարուիլ․ Շահրամանեան
Արցախի Հանրապետութիւնը լուծարուած չէ, մարդ կա՞յ այստեղ, որ այդ փաստաթուղթը տեսած է։ Այս մասին, այսօր, բողոքող արցախցիներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան։
«Կ՝ուզեմ հասկնալ՝ ծանօ՞թ էք այդ փաստաթուղթին մինչեւ վերջ։ Այդ փաստաթուղթին հետ կապուած բաւական հարցեր կան, որոնք այստեղ չեմ կրնար ըսել։ Բայց ես կը վստահեցնեմ ձեզի, որ մենք ծանօթ ենք այդ փաստաթուղթի ե՛ւ դրական, ե՛ւ բացասական կողմերուն։ Ոչ մէկ փաստաթուղթով կրնայ լուծարուիլ ժողովուրդին կողմէ ստեղծուած Հանրապետութիւնը։ Ասոր պատասխանը ես հանրային ձեւով պիտի տամ Հանրային հեռուստաընկերութեան միջոցով, որուն նախապատրաստուելու մասով ես իմ ցուցումը արդէն տուած եմ։ Յառաջիկային ես այս բոլոր հարցերուն պիտի անդրադառնամ՝ այն փաստաթուղթին, որմով ամսու 20-ին ռազմական գործողութիւնները կանգնեցուեցան»,- ըսած է ան։
Արցախի նախագահը նշած է, որ վստահ ըլլային, որ պիտի յաղթեն այդ ռազմական գործողութիւններուն, մինչեւ վերջ կ՝երթային։
«Մենք խնայած ենք մեր տղաները, քաղաքացիական բնակչութեան կեանքը, որ վտանգուած էր։ Մէկ ժամ ուշ կանգնեցուէր պատերազմը, կը մտնէին քաղաք, կը մորթէին երեխաները»,- յայտարարած է Շահրամանեան։