
Մենք Անվերապահ Աջակցութիւն Կը Յայտնենք Հայաստանի Անկախութեան, Տարածքային Ամբողջականութեան Եւ Սահմանային Անխախտելիութեան․ ԵԽ Նախագահ
Մենք անվերապահ աջակցութիւն կը յայտնեն Հայաստանի անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմանային անխախտելիութեան: Այս մասին նշած է Եւրոպական Միութեան խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլա՝ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ Պրիւքսէլի մէջ ունեցած
միացեալ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ։
«Մեր ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնացնենք ազնիւ եւ արդար խաղաղութեան բանակցութիւններու վրայ, կոչ կ՛ուղղենք յարգելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը:
Միջազգային ընտանիքի գործօն մասնակցութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակող հայերուն համար միջազգային երաշխիքները կրնան օգնել խաղաղութեան եւ հաշտեցման: Մենք հաւատարիմ կը մնանք բոլոր այն ջանքերուն, որոնց նպատակն է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորումը` հիմ ունենալով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի անկախութեան, սահմաններու անխախտելիութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը»,- ըսած է Մեցոլա: