«Դաւաճան Իշխանութիւններու եւ Իրենց Պաշտօնեաներու Մուտքը Այս Կեդրոն Թոյլատրելի Չէ»․ Թորոնթոհայ Երիտասարդներ Կ՝արգիլեն ՀՀ Դեսպանին Մուտքը Թորոնթոյի Հայ Կեդրոն

Հայաստան, Սփիւռք

Կիրակի 15 Հոկտեմբերին, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Թորոնթոյի վարչութեան հանգանակային ճաշկերոյթին իբր պատգամախօս հրաւիրուած ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանի մուտքը Թորոնթոյի Հայ կեդրոն արգիլուեցաւ, երբ երիտասարդներ փակեցին կեդրոնին մայր դուռը:

Անոնք բռնած էին պաստառներ, որոնց վրայ կային տեղահանութեան, սովամահի, նահատակութեան, եւ Հայաստան մուտքի իրաւունքէն զրկուած երիտասարդներու նկարներ:

Նշենք, որ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Թորոնթոյի վարչութիւնը վարձած էր Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին սրահը: Ո՛չ ձեռնարկը եւ ո՛չ դեսպանին հրաւէրը որեւէ ձեւով կ’առնչուին Հայ Կեդրոնի տնօրէնութեան, անոր յարակից միութիւններուն կամ ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին հետ:

«Մենք Տիկին Յարութիւնեանի անձին դէմ ոչ մէկ խնդիր ունինք, բայց ան կը ներկայացնէ այսօրուան իշխանութիւնը, որ Արցախը յանձնեց, 5000-է աւելի երիտասարդի նահատակութեան պատճառ դարձաւ, 120,000 Արցախահայու տեղահանութեան մեղսակից է, եւ սփիւռքահայ երիտասարդ մեր ընկերներու Հայաստան մուտքը կ՚արգիլէ։ Ուրեմն, դաւաճան իշխանութիւններու եւ իրենց պաշտօնեաներու մուտքը այս կեդրոն թոյլատրելի չէ: Այս կեդրոնը նահատակ տուած է այն հողին, որ իրենք յանձնեցին թուրքին»,- ըսին երիտասարդները:

Երիտասարդները բացատրեցին, որ իրենք լաւ կը հասկնան ժամանակաւոր գործող ռեժիմի եւ մշտական պետութեան տարբերութիւնը, բայց յարմար չեն գտներ դեսպանին ներկայութիւնը Հայ Կեդրոնէն ներս, ճիշդ այնպէս, ինչպէս իր ներկայացուցած իշխանութիւնը կ’արգիլէ հայ երիտասարդնրեու մուտքը հայրենիք: Որպէս պետութեան անվնաս ներկայացուցիչ՝ դեսպանը պէտք չէ անջատել Փաշինեանի հակահայ քաղաքականութենէն: Երիտասարդները աւելցուցին, ըսելով, որ Անահիտ Յարութիւնեանի անձին հետ ոչ մէկ խնդիր ունին, եւ այս անհանգստութիւնը պիտի վերաբերէր ոեւէ անձի, որ պիտի զբաղեցնէր դեսպանի պաշտօնը, որովհետեւ ՀՀ ներկայ իշխանութեան հետ հարցը երկրի մը բնականոն ազգային խնդիրներուն վերաբերեալ տարակարծութիւններ չեն, այլ՝ թշնամիին հանդէպ անոնց հաշտարար կեցուածքով եւ ապիկարութեամբ ու անկարողութեամբ, ներկայ իշխանութիւնը մեծ սպառնալիք է ազգիս համար: Իր տեսակին մէջ աննախընթաց այս երեւոյթով՝ երիտասարդները կը յայտնէին սփիւռքահայութեան դիրքորոշումը՝ Ո՛չ հայրենասպան այս իշխանութեան:

Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Թորոնթոյի Վարչութեան ձեռնարկը այլապէս ընթացաւ բնականոն:

ՀՅԴ Գանատայի «Զաւարեան» Մասնաճիւղի Facebook-ի էջէն