Արցախցիներու Հայաստանի Մէջ Մնալուն եւ Չարտագաղթելուն Ուղղուած Առաջին Քայլը Պէտք Ըլլայ Անոնց Մշտական Տանիքով Ապահովելու Ծրագիրը․ Աբրահամեան

Հայաստան

ԱԺ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան քարտուղար Տիգրան Աբրահամեան կը գրէ․

«Բռնի տեղահանուած արցախցիները անկասկած ունին մեծ թիւով խնդիրներ, սակայն անոնց Հայաստանի մէջ մնալուն եւ չարտագաղթելուն ուղղուած առաջին քայլը պէտք է ըլլայ անոնց մշտական տանիքով ապահովելու ծրագիրը:

Պէտք է սահմանուին յստակ չափորոշիչներ, ըստ որոնց կազմուի բնակարանային կարիքներ ունեցողներուն ցանկը:

Առաջնահերթութիւն պէտք է սահմանուին Հայրենիքի պաշտպանութեան այս 3 տասնամեակներուն ընթացքին նահատակուած հերոսներուն ընտանիքներուն, բազմազաւակ ընտանիքներուն եւ այլ խումբերու համար:

Ի դէպ` հրատապութիւն սահմանել այն ընտանիքներուն համար, որոնք վերջին 30 տարուան ընթացքին, պատերազմական գործողութիւններու ժամանակ, ունեցած են մէկէ աւելի զոհ: Դժբախտաբար, այդպիսի ընտանիքները քիչ չեն:

Որոնք են այն հիմնական ֆինանսական աղբիւրները, որոնք պէտք է ուղղուին բնակարաշինութեան այս մեծ ծրագրին:

Առաջին, Արցախին իւրաքանչիւր տարի յատկացուող ֆինանսական միջոցները` Արցախի Հանրապետութեան պիւտճէի չափով:

Երկրորդ, միջազգային այն կազմակերպութիւններն ու երկիրները, որոնք յայտարարած են ստեղծուած իրավիճակին համար գումարներ յատկացնելու մասին, անոնք պէտք է ամբողջութեամբ կամ մեծ մասամբ ուղղել այս ծրագրի իրագործման: Պէտք է մեծ աշխատանք տանիլ, դուրսէն նախատեսուած միջոցներու էական մեծացման ուղղութեամբ,

Երրորդ, պէտք է կրճատել ՀՀ պետական պիւտճէով նախատեսուած բոլոր շռայլութիւնները` պարգեւավճարներէն մինչեւ չիրագործուող հիմնական ծախսեր, որոնց կատարողականը խայտառակ մակարդակի վրայ է եւ ամբողջութեամբ ուղղել այս կարիքներու բաւարարման:

Չորրորդ, պետական պիւտճէով նախատեսուած բնակարանային արտօնութիւններու տարատեսակ ծրագրերէն եւս` նուազագոյնը յառաջիկայ 3-5 տարին, ուղղել արցախցինները բնակարաններով ապահովելուն»: