Հալէպի եւ Դամասկոսի Միջազգային Օդակայանները Յարձակման Ենթարկուելով Դադրեցան Գործելէ

Աշխարհ

Այսօր, յետմիջօրէի ժամը 13:50-ին, Իսրայէլ հրթիռակոծեց Դամասկոսի եւ Հալէպի միջազգային օդակայանները, որոնց հետեւանքով օդայականները դադրեցան գործելէ։

Ըստ «Գանձասար»-ի՝ Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը տեղեկութիւնը հաղորդելով շեշտեց, որ սոյն յարձակումը իսրայէլեան կողմէն ձախող փորձ մըն է՝ հանրութեան ուշադրութիւնը շեղելու Կազայի մէջ իր գործած ոճիրներէն ու քողարկելու պաղեստինեան ազգային դիմադրութեան հարուածներուն հետեւանքով իր կրած վնասները։