
ազրպէյճանը 2023-ին Որքա՞ն Գումար Վճարած է Հայաստանի Տարածքով Թռիչքներու Համար
2023-ի ընթացքին ազրպէյճանական օդանաւային ընկերութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան օդային տարածքով իրականացուող թռիչքներուն համար Հայաէրոնաւիգացիոն ընկերութեան վճարած են 79,940 եուրօ։ Այս մասին,
ըսուած է Հայաստանի Քաղաքացիական թռիչքներու կոմիտէին
NEWS.am-ի գրաւոր հարցման իբրեւ պատասխան։
Վճարումը կատարուած է «Եւրակոնտրոլ» կազմակերպութեան կեդրոնական գրասենեակին միջոցով՝ սահմանուած կարգով։
Նշենք, որ «Հայաէրոնաւիգացիա» ՓԲԸ-ն օդանաւիգացիոն ծառայութիւններ կը մատուցանէ Հայաստանի Հանրապետութեան օդային տարածքով թռիչքներու համար։
«Եւրակոնտրոլ»-ը օդային նաւարկութեան անվտանգութեան եւրոպական կազմակերպութիւնն է:
Յիշեցնենք, որ Մայիսի վերջի դրութեամբ վճարման գումարը կը կազմէր 40 հազար եւրոյէն քիչ մը պակաս։