Վեհափառ Հայրապետը ԱՄՆ Հայոց Թեմը Յորդորեց Բարձրաձայնել Արցախի Հոգեւոր, Մշակութային Ժառանգութեան Պահպանութեան Խնդիրը

Հայաստան, Սփիւռք

Հոկտեմբեր 2-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու ուխտաւորները` ուղեկցութեամբ ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Հոգեշնորհ Տ. Մեսրոպ վարդապետ Պարսամեանի։ Այս մասին կը հաղորդէ Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգը։

Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը, հայցելով Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը, ընդգծեց, որ ուխտաւորները ամենայն հայոց հոգեւոր կեդրոն ժամանած են իրենց ուխտը Սուրբ Էջմիածնի մէջ նորոգելու եւ իրենց զօրակցութիւնը բերելու հայ ժողովուրդին՝ այս ծանր օրերուն։

Իր սէրն ու օրհնութիւնը փոխանցելով հայորդիներուն՝ Վեհափառ Հայրապետը կարեւոր համարեց աշխարհասփիւռ հայոց թեմերէն նման ուխտագնացութիւններու կազմակերպումը, յատկապէս հայրենիքի համար այս դժուար ժամանակաշրջանին, որ հնարաւորութիւն կ՝ընձեռնէ հաղորդ դառնալու Հայաստանի եւ բռնի տեղահանուած արցախահայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն։

Հանդիպման ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը անդրադարձաւ նաեւ Մայր Աթոռի կողմէ Արցախէն բռնի տեղահանուած հայորդիներուն ցուցաբերուող աջակցութեան եւ Արցախի հոգեւոր, մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղուած աշխատանքներուն։

Նորին Սրբութիւնը, կարեւոր համարելով Սփիւռքի դերակատարութիւնը, յորդորեց ԱՄՆ-ի հայ ուխտաւորները իրենց երկրին բարձրաձայնել Արցախի հոգեւոր, մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խնդիրը եւ հետեւողական ջանքեր գործադրել այդ ուղղութեամբ։

Իր խօսքին մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նաեւ պատգամեց ուխտաւորները զօրակից ըլլալ Հայաստանին, հայրենազրկուած արցախցիներուն եւ ջանք ու ճիգ չխնայել ի նպաստ հայրենիքի շէնացման ու զօրացման։