Ստեփանակերտի Մէջ Դիպուկահարներ Կրակած են Ռուս-ազրպէյճանական Պարեկային Ծառայութեան Ուղղութեամբ

Աշխարհ, Հայաստան

Դիպուկահարի զէնքով Ստեփանակերտի մէջ կրակած են ռուս-ազրպէյճանական համատեղ պարեկային ծառայութեան ուղղութեամբ։ Այս մասին կը յայտնէ ՌԴ ՊՆ-ն՝ նշելով, որ տուժածներ չկան։ Կրակողի անձը յայտնի չէ։

Յիշեցնենք՝ 2023 թուականի Սեպտեմբեր 19-ին ազրպէյճանը յարձակեցաւ 9 ամիս շրջափակման մէջ գտնուող Արցախի Հանրապետութեան վրայ՝ թիրախ դարձնելով խաղաղ բնակավայրերը։ Արցախի ՊԲ-ն կատաղի դիմադրութիւն ցոյց տուաւ թշնամիին՝ պատճառելով զգալի մարդկային կորուստներ։ Այդուհանդերձ, Արցախի իշխանութիւնը ստիպուած եղաւ ընկրկիլ ու ընդունիլ հրադադարի ազրպէյճանական պայմանը, քանի որ Հայաստանէն չգնաց որեւէ օգնութիւն, աւելին՝ շրջափակման մէջ գտնուող Արցախէն խաղաղ բնակիչները տարհանել ուղղակի հնարաւոր չէր։

Արցախի ՊԲ-ն յանձնեց զէնքը, լուծարուեցաւ, իսկ քաղաքացիները հաշուած օրերու ընթացքին տեղահանուեցան ու Արցախը հայաթափուեցաւ։ Հոկտեմբեր 1-ի դրութեամբ՝ Արցախէն գաղթած է աւելի քան 100 հազար հայ։ Միջազգային հանրութիւն կոչուածը ոչինչ ըրաւ՝ նոր ցեղասպանութիւնը կանխելու համար։

Ներկայիս Արցախի մէջ մնացած է Արցախի հանրապետութեան նախագահը՝ պետական ծառայութիւն իրականացնող արցախցիներու հետ։ Որոնողափրկարարական աշխատանքներ կը տարուին ռազմական գործողութիւններու եւ վառելիքի պահեստի պայթիւնին հետեւանքով զոհերուն մարմինները, անհետ կորսուածները յայտնաբերելու ուղղութեամբ։