Պատմութիւնը Հոս Չի՛ Վերջանար․ Յակոբ Լատոյեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Արցախէն բարեկամս իր ընկերներէն մէկուն հետ խօսած ատեն խնդրած է, որ ափ մը հող բերէ հետը Արցախէն: Արցախի իր ընկերը պատասխանած է, որ Արցախը Արեւմտահայաստան պիտի չըլլայ, պիտի վերադառնանք, մի՛ յուսահատիր:

Որքան ալ դժուար ու ծանր ըլլան պայմանները…

Որքան ալ անշնչելի ու հեղձուցիչ ըլլայ կացութիւնը…

Որքան ալ խեղդուելու աստիճան լորձունքդ չիջնէ կոկորդէդ…

ՊԷ՛ՏՔ Է հաւատանք եւ հաստատենք, որ պատմութիւնը հոս չի՛ վերջանար:

Պատմութիւնը այսպէս չի՛ վերջանար եւ պիտի շարունակուի, եւ պիտի շարունակենք միասնաբար մէկ պայմանով:

Երեսուն տարի ունեցանք իշխանաւորներ եւ ընդդիմադիրներ, աւատապետեր եւ հերոսներ, ժամանակը եկած է փոխելու, նորերով շարունակելու եւ նոր յոյս ու թափ տալու մեր պատմութեան:

Մենք մեր գզվռտուքներով ո՛չ պետութիւն կրնանք պահել, ո՛չ իշխանութիւն, ժամանակն է սթափելու, հաւաքուելու, վերանորոգուելու եւ պայքարի նոր ուխտ կատարելու` շարունակելու մեր գոյութեան երթը, շարունակելու մեր յաղթանակներու տեսիլքով:

Պէտք է գիտնանք, որ պատմութիւնը կը վերջանայ, երբ դուն յանձնուիս ու դադրիս պայքարելէ, երբ դուն որոշես իրաւունքդ պահանջելու երթը կասեցնել ու չշարունակել հետապնդումը:

Պատմութիւն կը կերտենք մեր կամքով ու վճռակամութեամբ, եւ անպայման տեղ մը, օր մը կը հասնինք մեր երազին:

Նահատակները, հերոսները, հողը, դաշտը, եկեղեցիներն ու վանքերը հոն են, պիտի սպասեն մեզի, սակայն ամէնէն կարեւորը մենք վերադարձի յոյսն ու կամքը չկորսնցնենք: Նոյնիսկ եթէ առանձին ենք: Նոյնիսկ եթէ յուսահատ ենք: Նոյնիսկ եթէ մեր կամքը պատմութիւնը կը փոխէ, մեր կամքին մէջ կան Եռաբլուրի մէջ հանգչող բոլոր հերոսներուն արիւնը, հոն մնացած եկեղեցիներու ղօղանջները, մեր Պապիկն ու մամիկը եւ մեր ապրող Արցախը:

Բոլորս Արցա՛խ ենք: