
«Ռուբէն, Քեզ Հետ Ենք». Երթ՝ Յաջակցութիւն Ռուբէն Վարդանեանի
Սեպտեմբեր 30-ին, իբրեւ աջակցութիւն Արցախի նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանի, երթ կ՝իրականացուի Երեւանի մէջ։
«Ընկերնե’ր, հազարաւոր նամակներ եւ զանգեր ստացած ենք Հայաստանէն եւ ամբողջ աշխարհէն այն հարցով, թէ ինչպէս կարելի է օգնել Ռուբէն Վարդանեանին, որ պարզապէս առեւանգուած է ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ զուտ այն պատճառով, որ պայքարած է եւ կը պայքարի իր հայրենիքին համար: Ասով իսկ Ռուբէնը, դժբախտաբար, դարձած է ազրպէյճանի թիւ 1 թշնամին եւ թիրախը:
Կ՝ուզեմ տեղեկացնել, որ այս պահուն աշխոյժ աշխատանքներ կը տարուին բոլոր հնարաւոր ուղղութիւններով՝ իրաւական, դիւանագիտական, տեղեկատուական եւ այլն: Այդ պայքարին համար չափազանց կարեւոր է առաւելագոյն իրազեկումը եւ աշխարհի ուշադրութեան գրաւումը ազրպէյճանի հերթական խայտառակ արարքին:
Այդ նպատակով Սեպտեմբեր 30-ին, ժամը 15:00-ին, Մատենադարանի մօտէն սկիզբ պիտի առնէ խաղաղ երթ՝ իբրեւ աջակցութիւն մեր հայրենակից Ռուբէն Վարդանեանի, որ քիչ բան չէ ըրած Հայաստանի եւ Արցախի համար:
Հաշուի առնելով Ռուբէն Վարդանեանի հեղինակութիւնը եւ դէպքին միջազգային հնչեղութիւնը՝ ասիկա առիթ է՝ կրկին բարձրաձայնելու եւ պահանջելու առեւանգուած ու գերեվարուած մեր բոլոր հայրենակիցներուն վերադարձը:
Կը խնդրեմ մէկ կողմ ձգել բոլոր տեսակի քաղաքական, կիսաքաղաքական քայքայող թեմաները եւ միանալ աջակցութեան խաղաղ երթին»,- գրած է ՀՊՏՀ նախկին տնօրէն Ռուբէն Հայրապետեանը։