
Մայր Աթոռն Իր Աջակցութիւնը Կը Ցուցաբերէ Բռնի Տեղահանուած Արցախահայութեան
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ եւ օրհնութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակը եւ հայաստանեան թեմերը այս օրերուն լծուած են Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն հոգեւոր, մարդկայնական եւ հասարակական կարիքներու հոգածութեան աշխատանքներուն։
Նորին Սրբութեան յատուկ ուշադրութեան կեդրոնը Արցախէն բռանագաղթած մեր զաւակներուն կեցավայրերով ապահովման խնդիրն է։ Այս պահուն Մայր Աթոռի մէջ, ինչպէս եւ Վայոց Ձորի, Շիրակի, Գուգարաց, Գեղարքունեաց, Արմաւիրի, Սիւնեաց, Մասեացոտնի, Արագածոտնի, Կոտայքի, Տաւուշի թեմերուն մէջ կ՝իրականացուին տեղահանուած արցախցիներուն կացարաններով ապահովման աշխատանքները։ Ներկայիս արդէն իսկ թեմապատկան կացարաններու մէջ բնակութիւն հաստատած են մեծաթիւ արցախցիներ։
Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ հոգեւորականները կ՝իրականացնեն այցելութիւններ իրենց համայնքներուն մէջ հաստատուած ընտանիքներուն։ Հոգեւոր խնամքին եւ կարիքի գնահատման զուգահեռ հայաստանեան բոլոր թեմերուն մէջ կը ցուցաբերուի հասարակական աջակցութիւն՝ սնունդով, հագուստով եւ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներով ապահովելով նշեալ վայրերուն մէջ հաստատուած արցախահայութիւնը։ Մասեացոտնի թեմը արդէն համակարգուած կերպով ամէն օր սնունդով կ՝ապահովէ շուրջ 400 անձ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ ՀԲԸՄ հովանիի ներքոյ գործող Երեւանի եւ Վաղարշապատի բարեգործական ճաշարանները նոյնպէս պատրաստ են սնունդով ապահովելու արցախահայերը։
Նորին Սրբութեան օրհնութեամբ Իզմիրլեան ԲԿ-ն եւս այս ծանր ժամանակներուն պատրաստակամութիւն դրսեւորած է անհրաժեշտ բուժօգնութիւն տրամադրելու Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն:
Արցախահայերուն հոսքը տարբեր բնակավայրեր դեռ կը շարունակուի։ Կարիքի ամբողջական գնահատումը աւարտելէ ետք՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակը հանդէս պիտի գայ իրականացուող ծրագրերուն վերաբերեալ նոր տեղեկութիւններով։